Կիրակի, 19 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ Պահրէնի Թագաւորութեան նորանշանակ լիազօր դեսպան Ուահիտ Մուպարաք Սայյարի հաւատարմագիրը։
Նախագահ Ասատ հանդիպում ունեցաւ դեսպան Սայյարի հետ եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ երկու բարեկամ երկիրներուն հետաքրքրող հարցերու շուրջ։
Իր կարգին նախագահ Ասատ շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը եւ յաջողութիւն իրեն։