ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Armenia Today-ին յայտնած էր, որ Գեղարքունիքի սահմանագօտիին հակառակորդին արձակած կրակոցներուն հետեւանքով ժամկէտային զինծառայող մահացած է։ Իսկ «Հայկական ժամանակ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, զոհուած զինծառայողը Հրաչ Փիլիպոսեանն էր, Բիւրական համայնքի բնակիչ, բանակ զօրակոչուած էր 1 տարի առաջ։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարության տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ 20 Յունիսի 20-ի լոյս 21-ի գիշերը ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։
Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ ԶՈւ լիարժէք վերահսկողութեան տակ։