Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն, Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան 21 Յունիսին դիմում ներկայացուց` հրաժարելու Ազգային ժողովէն, իսկ «Հայրենիք» կուսակցութեան որոշումով` դադրեցաւ գոյութիւն ունենալ ՀՀԿ-ի հետ ձեւաւորած «Պատիւ ունեմ» դաշինքը: Վանեցեան դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Այսօր օրէնքով սահմանուած կարգով դիմում ներկայացուցած եմ պատգամաւորական իրաւագիրէս զիջելու վերաբերեալ: Ձեզմէ շատերուն համար իմ այս որոշումս անակնկալ չէ. ես քանի մը անգամ հրապարակայնօրէն յայտարարած եմ, որ ինքզինքս այլեւս չեմ տեսներ այս խորհրդարանին մէջ: Պատճառը ակներեւ է` Հայաստանի քաղաքացին մեզի քուէ տուած էր այս իշխանութիւններու կործանարար գործունէութիւնը կասեցնելու եւ երկիրը աղէտէն դուրս բերելու համար: Սակայն այս խորհրդարանը, իմ կարծիքովս, դադրած է ըլլալ նպատակին հասնելու արդիւնաւէտ հարթակ», նշեց Վանեցեան: Ան նաեւ յայտնեց, որ «Հայրենիք» կուսակցութեան խորհուրդը որոշում տուաւ շարունակել գործունէութիւնը խորհրդարանէն դուրս: Վանեցեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու գործընկերներուն` միասին անցած ճամբուն ու միացեալ աշխատանքին համար: Վանեցեան միաժամանակ վստահեցուց, որ իր` պատգամաւորի պաշտօնէն հրաժարելու եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան` խորհրդարանէն դուրս պայքարը շարունակելու որոշումները բացառապէս իրենց ընտրութիւնն են եւ որեւէ ձեւով չեն կրնար կաշկանդող կամ ուղղորդող գործօն հանդիսանալ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան գործընկերներուն, որոնց կարգին «Հայրենիք» կուսակցութեան առաջադրանքով Ազգային ժողով հասած անկուսակցական անձերուն համար` ընդգծելով, որ այս հարցին մէջ իւրաքանչիւրը իր գիտակցուած, հիմնաւորուած ընտրութիւնը պիտի ընէ: