Գիտակցելով սփիւռքահայ կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ հայ կնոջ առանցքային դերակատարութեան, ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպեց երկօրեայ խորհրդաժողով մը «Հզօր Սփիւռք՝ ՍՕ Խաչի Տեսլականով» խորագիրով:
Երկօրեայ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ  Հինգշաբթի 23 եւ Ուրբաթ 24  Յունիս 2022-ին, «Սահակ Նալպանտեան» սրահէն ներս, մասնակցութեամբ նստավայրէն եւ շրջաններէն ժամանած 100 խաչուհիներու:
Խորհրդաժողովի բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով, որմէ ետք ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեան վարչութեան խօսքը ուղղելով նախ ողջունեց ներկաները, ապա դիտել տուաւ, որ խորհրդաժողովը առիթ մըն է միութեանս  ընկերուհիները համախմբելու եւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան անդրադարձող տարբեր նիւթեր արծարծելու:
Ան աւելցնելով ըսաւ, որ ՍՕ Խաչը եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ այն միջավայրը, ուր հայ կնոջ կ’ընծայուի անհրաժեշտ բոլոր կարելիութիւնները՝ իր ներուժը ի սպաս դնելու ընկերութեան զարգացման:
Աւարտին, Ամպարճեան շնորհակալութիւն յայտնեց  ՀՕՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան, Պատկան Մարմինին՝ միութեանս անվերապահ աջակցութեան ու զօրակցութեան համար, ապա գնահատանքի խօսք ուղղեց ՍՕ Խաչի մասնաճիւղերուն եւ շրջանային յանձնախումբերուն, որոնք ամէնօրեայ աշխատանքով ու նուիրումով անսասան կը պահեն կանացի այս գործունեայ կազմակերպութիւնը:
Խորհրդաժողովի առցանց առաջին զեկուցաբերն էր ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան: Ան խօսեցաւ «Հայ Օգնութեան Միութեան Գաղափարախօսութիւնն ու Ծրագիրները» նիւթին շուրջ, հակիրճ ձեւով ներկայացնելով դար մը եւ աւելի Հայ Օգնութեան Միութեան աշխարհի տարածքին ծաւալուն աշխատանքները, հաստատելով անոր անգերազանցելի բարեսիրական դերակատարութիւնը ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ: Ան շեշտեց, որ  ազգային դիմագիծի պահպանման ու մեր ազգի զաւակներուն ծառայելու իմաստով ՀՕՄ-ը կը շարունակէ մնալ առաջնորդող դերի մէջ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ միայն գործով կրնայ ապահովել իր ժողովուրդին վստահութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը: Ատենապետուհին այնուհետեւ անդրադարձաւ հայրենիքէն ներս, մանաւանդ Արցախի մէջ 44 օրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդող օրերուն ՀՕՄ-ի իրագործած ծրագիրներուն, որոնք կը միտին բարօր կեանք ապահովել մեր ազգակիցներուն:
Խորհրդաժողովի երկրորդ զեկուցաբերն էր երկրչփ.Պարգեւ Աւագեան, որ ներկայացուց «Ազգ եւ Պետութիւն» դասախօսութիւնը: Ան պարզաբանեց «ազգ», «սփիւռք»  եւ «հայրենիք» հասկացութիւնները, ապա  անդրադարձաւ սփիւռքահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, առաջարկեց լուծումներ ու լուսարձակի տակ առաւ հայրենիքի ներկայ քաղաքական իրավիճակը, պարզելով ազգային կեանքը յուզող շարք մը հարցեր:
Խորհրդաժողովի երրորդ զեկուցաբերը բանաստեղծ, արձակագիր, կրթական մշակ Մարուշ Երամեանն էր:
Երամեան ներկայացուց տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ ապրած սփիւռքահայ կին գրողներ, անդրադարձաւ անոնց իւրայատկութիւններուն, ապրած պայմաններուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ստեղծագործական կեանքին, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով Սրբուհի Տիւսափը, Զապէլ Ասատուրը եւ Զապէլ Եսայեանը: Ապա անցնելով սփիւռքահայ ժամանակակից կին գրողներու յիշեց Շահանդուխտը, ապա Վեհանոյշ Թեքեանը, դիտել տալով որ ան որպէս բանաստեղծ ու արձակագիր կարեւոր գրիչ է սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, որովհետեւ ընթերցողին կը պարզէ հայ կնոջ ապրումները եւ ըլլալով սփիւռքահայ կին իր գրականութեամբ ձեռք կ’երկարէ հայ ժողովուրդին՝ երգելով հայրենիքն ու հայրենասիրութիւնը, իսկ հայ մշակութային արժէքները միշտ ներկայ են իր գործերուն մէջ: Այնուհետեւ անդրադարձաւ այլ գրողներու առանձնացնելով հալէպահայ շարք մը գրողներ, ինչպէս Լալա Միսկարեան, Պերճուհի Աւետեան, Նանոր Ինճեճիկեան, Մարիանա Պերթիզլեան եւ ուրիշներ:
Խորհրդաժողովի չորրորդ զեկուցաբերը բանասէր ու արձակագիր, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Լեւոն Շառոյեանն էր, որ ներկայացուց սփիւռքահայ կին երկու հրապարակագիրներ՝ Հայկանոյշ Մառք եւ Սիրան Սեզա: Շառոյեան յայտնեց, որ երկու հայուհիները եղած են սփիւռքահայ հրապարակագրութեան իւրայատուկ դէմքերէն, որոնցմէ առաջինը  Պոլսոյ մէջ հրապարակած է «Հայ կին» կիսամեայ հանդէսը, իսկ երկրորդը Պէյրութի մէջ  լոյս ընծայած է «Երիտասարդ Հայուհի» ամսագիրը: Շառոյեան անդրադարձաւ անոնց ստեղծագործական ոճին ու աշխարհահայեացքին:
Խորհրդաժողովին ներկայացուեցան նաեւ երկու այլ դասախօսութիւններ խաչուհիներու կողմէ: Առաջինը՝ «Շուկայավարում»,  ներկայացուց Անի Մինասեան: Ան ներկաներուն հետաքրքրական մատուցումով ծանօթացուց ճափոնցի Իշիքաուայի տնտեսական տեսութիւնը, ըստ որուն ծրագրուած աշխատանքն է, որ յաջողութեամբ կը պսակուի: Ապա թուեց յաջող շուկայավարման պայմանները՝ ծանուցում, վաճառանիշ, շուկայի սերտողութիւն, եւայլն….
Աւարտին ան ներկայացուց  ՍՕ Խաչի նորաստեղծ Narod վաճառանիշը, անոր որդեգրման նպատակն ու արդիւնքները, ապա ներկաները ծանօթացան Ձեռարուեստի եւ Աշխատանոցի յանձնախումբերու նոր արտադրութիւններուն:
Դասախօսութիւններուն շարքին էր նաեւ հոգեբանական խորհրդատու Ալին Շահինեանի «Հաղորդակցութեան Հմտութիւններ» նիւթը: Դասախօսը նիւթին ներկայացման կողքին պատրաստած էր հարցաթերթիկներ, որպէսզի իւրաքանչիւր մասնակից ծանօթանայ իր հմտութիւններուն:
Իւրաքանչիւր դասախօսութեան աւարտին մասնակիցներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու դասախօսներուն:
Խորհրդաժողովը  ուշագրաւ էր կազմակերպուածութեամբ եւ օրակարգերու ճշդապահ կիրարկմամբ: Իւրաքանչիւր մասնակիցի համար պատրաստուած էր յատուկ թղթածրար: Մասնակիցները բաժնուած էին 8 խմբակներու, որոնք կը կրէին սփիւռքահայ թերթերու անուններ՝ «Մարմարա», «Ակօս», «Ազդարար», «Նայիրի», «Զարթօնք», «Ազդակ», «Հայրենիք» եւ «Գանձասար»: Խմբակային դրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ գործնական աշխատանքները արդիւնաւէտ ըլլան:
Խորհրդաժողովը առիթ մը եղաւ խաչուհիներուն թարմացնելու իրենց գիտելիքները, գործակցելու, անդրադառնալու Սփիւռքի կազմակերպ գոյութեան պահպանման մէջ իրենց վստահուած դերին ու ներկայացնելու առաջարկներ այս իմաստով:
Խորհրդաժողովի աւարտին  մասնակիցները ունեցան յիշատակի խմբանկար մը ու ստացան համապատասխան հաստատագիրներ:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան