Մեր միտքը յաճախ կը զբաղեցնեն մտահոգութիւններ, պարտաւորութիւններ, երբեմն ալ բանի մը չծառայող մտմտուքներ:
Յաճախ դժուար կը թուի մեր միտքէն անցածը բառերով արտայայտելը. արդեօ՞ք մեր ամչկոտութեան բերումով, թէ մեր հարցերով շրջապատը  ձանձրացնելէ զգուշանալու համար…: Ինչո՞ւ արտայայտուելու դժուարութիւն կ’ունենանք յաճախ: Միջավայրի ու դաստիարակութեա՞ն հետեւանք է ասիկա:
Ինչո՞ւ մեզ համոզած են, որ երբ տխուր ըլլանք, պէտք է մեզի վերապահենք մեր տխրութիւնը  ու այլոց հետ չբաժնեկցինք զայն: Բայց «մարդ մարդով է գեղեցիկ», չէ՞: Ինչո՞ւ մեկուսանալ ուրեմն եւ ինքնամփոփ դառնալ:
«Ինչու»-ներու շարքը երկար է…
 Ինչո՞ւ երբ ուրախ ըլլանք կը յուշեն, որ մեր ուրախութիւնը ժամանակաւոր է: Չէ՞ որ կեանքը մանր-մանր ուրախութիւններով կը հարստանայ: Ինչո՞ւ երբ վախնանք, կը սաստեն մեզ ըսելով, որ միայն մանուկներն ու երեխաները կը վախնան: Չէ՞ որ կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուան նոր մարտահրաւէրներով, հետեւաբար նոր վախերով ու մտահոգութիւններով կը յատկանշուի նաեւ: Ինչո՞ւ երբ դատարկութիւնը պատէ մեր հոգին, կը զարմանան ու կը յորդորեն նոր զբաղում մը գտնել անպայման: Չէ՞ որ դատարկութիւնը հետեւանքն է անցած ծանր օրերուն եւ անոնց հետեւանքով յառաջացած  հիասթափութեան:
Աւելին. ինչո՞ւ երբ մէկը սիրէ, պէտք չէ արտայայտուի, ընդհակառակն. պահէ ու ճզմէ սիրոյ զգացումները մարող հրաբուխի մը նման: Չէ՞ որ սիրոյ զգացումը բարին ու լաւը կ’արթնցնէ մարդուն մէջ ու կ’իմաստաւորէ կեանքը: Ինչո՞ւ զղջումը ամօթ կը համարուի: Չէ՞ որ մարդ իր սխալներէն դասեր կը քաղէ ու զղջալէ ետք միայն կրնայ սրբագրել զանոնք:
Մարդկային զգացումները յաճախ կը ներկայացուին որպէս մարդու տկար կէտեր, զորս պէտք է ճզմել, պահել, չարտայայտել: Մինչդեռ իր զգացումները ընդունող, զանոնք բնական համարող ու արտայայտուող մարդը ամէնէն ուժեղ մարդն է ըստ իմ համեստ փորձառութեան:
Սարին Գրիգորեան