“Արմէնփրէս”._ Համացանցի վրայ շրջանառուող տեղեկութիւնները Արցախի այս կամ այն հատուածին մէջ ընթացող թէժ մարտերու մասին չեն համապատասխանիր իրականութեան:
 
Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակը (ՊԲ) կը տեղեկացնէ, որ շփման գիծին վրայ որոշակի լարուածութիւն կը պահպանուի: Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը, ՊԲ հրամանատարութեան ու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին հրամանատարութեան հետ համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկէ իրադրութեան հանգուցալուծման համար: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանական գերատեսչութիւնը լրատուամիջոցներուն ու ընկերային ցանցերու անհատ օգտատէրերուն կոչ ուղղած է հետեւելու բացառապէս պաշտօնական լրահոսին: