Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 2 Օգոստոսին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ` Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերուն մասնակցութեամբ:
 
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, որ քննարկուած է շփման գիծին մէջ նախօրէին ստեղծուած իրավիճակը: Զեկուցումով հանդէս եկած է պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեան: Նախարարին համաձայն, լարուածութիւնը շփման գիծի շարք մը հատուածներու մէջ կը շարունակէ պահպանուիլ, եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը տիրապետէ իրավիճակին` առանց մարդկային ու դիրքային կորուստներու:
 
Ըստ աղբիւրին, օրակարգային յաջորդ հարցը կը վերաբերէր Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապող միջանցքին: Ազրպէյճանական կողմը Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով պահանջ ներկայացուցած է յառաջիկային երթեւեկութիւնը նոր երթուղիով կազմակերպելու վերաբերեալ:
 
Կը նշուի, որ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկուած են ստեղծուած իրավիճակին մէջ ձեռնարկուելիք քայլերը, այդ կարգին` նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով անվտանգ երթեւեկութեան ապահովումը: