ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը՝ իբրեւ համաեւրոպական քաղաքացիական հասարակութեան համայնքային կազմակերպութիւն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը, խստիւ կը դատապարտեն Հայաստանի իշխանութիւնները՝ Հոլանտայի քաղաքացի եւ Հայ Դատի տեղւոյն յանձնախումբի անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի, ապա նաեւ նոյն յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի Հայաստան մուտք գործելը արգիլելու համար:
«Համայնքային աշխուժ գործունէութեամբ զբաղող սփիւռքահայերուն հայրենիք մուտք գործելը արգիլելով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները բացայայտ խտրականութիւն կը դրսեւորեն իրենց քաղաքականութիւնը չկիսող եւ անոր ընդդիմացող անձերուն նկատմամբ:
«Սիւնէ Աբրահամեան Հայաստան գացած էր մասնակցելու ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած կամաւորական ճամբարներուն, որոնք մեծապէս կը նպաստեն սահմանամերձ շրջաններու երիտասարդութեան գօտեպնդող նախաձեռնութեան:
«13 Յուլիսին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելէ ետք, ասիկա ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող հայրենակիցներու նկատմամբ քաղաքական հաշուեյարդարի անընդունելի եւ դատապարտելի դրսեւորումն էր:
«ՀՅԴ Հայ դատի Պրիւքսէլի գրասենեակը Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ անմիջապէս դադրեցնել այս գործընթացը եւ վերջ տալ Հայ դատի գործիչներուն, ինչպէս նաեւ այս ոլորտին մէջ առաջին քայլերը առնող երիտասարդներուն նկատմամբ ապազգային վերաբերմունքին:
«Ատրպէյճանի նկատմամբ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ մեր պետութեան հիմնական առաւելութիւնը ժողովրդավարութիւնն էր՝ իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ: Նման հակաժողովրդավարական քայլերով մենք միայն կրնանք կորսնցնել այդ առաւելութիւնը:
«Հայ դատի յանձնախումբերը միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ միշտ զօրավիգ կանգնած են մեր պետութեան, իսկ յանձնախումբերու անդամները զոհած են իրենց անձնական կեանքն ու ժամանակը՝ ամբողջովին կամաւոր եւ անշահախնդիր կերպով:
«Հայաստանի իշխանութիւնները կը յորդորենք հեռու մնալ նման քայլերէն, քանի դեռ լուրջ վնաս չէ հասած Հայաստանի միջազգային ընկալման: ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը կը գտնէ, որ նման դէպքերու կրկնութիւնն ու քինախնդրական վերաբերմունքը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ խրամատի ստեղծման, ինչ որ վնասակար հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր ժողովուրդին համար»: