«Թիրախաւորելով հայ դատի պաշտպանները, ովքեր կը գործեն Սփիւռքի մէջ յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կը պաշտպանէ Անգարայի եւ Պաքուի շահերը: Այս անջրպետը ստեղծելով Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ՝ Փաշինեան կը թուլացնէ Սփիւռքն ու Հայաստանը: Մենք այսօր գիտենք, որ Հայաստանի առնչուող Փաշինեանի ծրագիրները կը թուլցնեն երկիրը՝ զայն թրքական վերահսկողութեան տակ դնելով: Փաշինեան համաձայնած է նաեւ Արցախը զիջիլ Ատրպէյճանին: Այս պարունակին մէջ է, որ ան որոշեց պատերազմ մղել Սփիւռքի դէմ, որ նուիրուած է հայկական դատի, Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան: Փաշինեանի հետ մենք լրիւ հակառակ պատկերացումներ ունինք հայ ազգի ապագային մասին», «Հրապարակ»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
Փափազեան աւելցուց. «Մենք կողմ ենք Հայաստան-Սփիւռք միութեան: Սակայն Փաշինեան կը ձգտի Հայաստանը տարանջատել Սփիւռքէն, իսկ մենք՝ հզօրացնել Սփիւռքն ու Հայաստանը, ան կը ձգտի թուլցնել Սփիւռքն ու Հայաստանը, իսկ մենք՝ Հայաստանի ապագայի յաւակնոտ տեսլական ունինք, ինք ինքնութիւն չունեցող Հայաստան կ’ուզէ, իսկ մենք՝ ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստան: Ան կը ցանկայ Հայաստանի մէջ մենատիրական վարչակարգ հաստատել, կ’ուզէ Սփիւռքի, Հայաստանի մէջ իր  վերահսկողութիւնը հաստատել, որպէսզի իր ծրագիրը իրականացնէ՝ Հայաստանը թրքական եւ ատրպէյճանական տնտեսութիւններու տիրապետութեան տակ: Այս պատճառով ալ ան  կ’ուզէ օր առաջ հաստատել  հայ-թրքական յարաբերութիւնները:
«Փաշինեան պիտի ընդունի Անգարայի պայմանները՝ սկիզբը՝ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները պիտի ճանչնայ, յետոյ՝ Ատրպէյճանի ու Ատրպէյճան-Արցախ սահմանները, յետոյ՝ պիտի հրաժարի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացէն: Փաշինեան ուժեղ է՝ հայերը ուրանալու եւ արտաքսելու ոլորտին մէջ, ան ուժեղ է հակառակորդները բանտարկելու իմաստով, սակայն՝ թոյլ է հայ ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու հարցով:
«Եկած է ժամանակը արթննալու, հրաժարելու այս նախագիծէն, որ հաւասարազօր է հայ ժողովուրդի ինքնասպանութեան:
«Ամենադժբախտը պիտի ըլլան Հայաստանի հայերը, ովքեր պիտի յայտնուին Թուրքիոյ եւ անոր արդիւնաբերութեան տնտեսական, հետեւաբար՝ քաղաքական տիրապետութեան տակ: Ընկերներուս հետ, մենք կը կազմակերպուինք՝ պաշտպանուելու, եւ աշխարհին ապացուցելու, թէ ի՞նչ կ’ընէ Փաշինեան Հայաստանին»:
Նարինէ Ղուկասեան