Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան մինչեւ 25 Օգոստոս ժամանակ տուած է Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներուն իրենց բնակավայրերէն դուրս գալու համար: Այս մասին 5 Օգոստոսին, «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան:
 
«Հայկ Խանումեան մեզի տարհանման ծրագիրը ներկայացուցած է, ըսած է` ո՛վ ուր պիտի երթայ, ի՛նչ պիտի ընէ: Մենք փաստաթուղթեր պիտի լեցնենք, լրացնենք, պիտի նշենք` իւրաքանչիւրս ո՛ւր պիտի երթայ: Ընդհանուր առմամբ` գիւղի բնակիչները պատրաստ էին, գիտէին` ի՛նչ պիտի ըլլայ: Այսքան ժամանակ մեզի չէին աջակցեր, զօրք չէին բերեր: Ժողովուրդին, եթէ զէնք բերեն, տան, հզօրացնեն, բոլորն ալ պայքարող են: Ոչ ոք կ՛ուզէ իր տունէն դուրս գալ», յայտնեց Չաւուշեան:
 
Անդրանիկ Չաւուշեանի համաձայն, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ եւս հարցը քննարկուած է:
 
«Նախագահը ո՛չ բացատրել, ո՛չ ալ պատճառաբանել կրնայ, քանի որ ինք բանակցող կողմ չէ: Ես զինք չեմ արդարացներ, բայց իրմէ ի՞նչ պահանջենք: Փաշինեանն է այս վիճակին հասցնողը: Իր կարգախօսն է` բոլորը մեղաւոր են իրմէ բացի», ընդգծեց Անդրանիկ Չաւուշեան: