Սոչիի մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումէն ետք, թէ ի՞նչ կարելի է նախատեսել Սուրիոյ կամ Արցախի տագնապներուն անոնց մօտեցումներէն մօտաւորապէս երեւելի կը թուի:
Ռուսիա – Թուրքիա մերձեցումը, յատկապէս Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք, պիտի նպաստէ ռուսական կազին Եւրոպա հասնելուն, ԱՄՆ-ի սահմանած պատժամիջոցներու մեղմացման, իսկ Թուրքիոյ պարագային, Ռուսիա-Թուրքիա առեւտրատնտեսական համաձայնութիւններու ստորագրումով, տնտեսական տագնապի մեղմացման՝ յատկապէս Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան ուղենիշերու փոփոխութեան:
Չմոռնանք, որ Սուրիոյ տագնապին միջամտելով Թուրքիա  չյաջողեցաւ ազդել քրտական գործօնին վրայ, ոչ ալ յաջողեցաւ իր համախոհները իշխանութեան հասցնել պատերազմ հրահրելով: Ուստի Ռուսիոյ ապաւինելով այլ լուծումներ որոնելը միջոց մըն է Թուրքիոյ նախագահին համար՝ նուազագոյն վնասներով դուրս գալու սուրիական տագնապի իր միջամտութենէն, փոխարէնը Կովկասի մէջ առաւելութիւններ արձանագրելու:
Արցախի գծով կը թուի, թէ 9 Նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրին գործնականացումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար էական են այս ժամանակահատուածին մէջ յատկապէս, որովհետեւ թէ՛ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները խաղաղութիւն հաստատելու եւ ճանապարհները ապաշրջափակելու հեռանկարով պատրաստ են ի գործ դնելու համաձայնութեան բոլոր կէտերը՝ Հայաստանը շրջափակումէն դուրս բերելու յոյսով, ընդունելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բոլոր նախապայմանները, թէ ալ Ռուսիա շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութենէ խուսափելու եւ թրքական կողմին հետ տարածաշրջանային իր ծրագրերը իրականացնելու համար պիտի ջանայ իրականացնել տալ 9 Նոյեմբերի համաձայնութեամբ սկսած գործընթացը, մանաւանդ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ դիմադրութեան կամ Արցախի ժողովուրդին տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով ոչ մէկ քայլ շօշափելով:
Մինչդեռ աշխոյժ դիւանագիտութիւնն ու Արցախին տիրութիւն ընելու ռազմավարութիւնը գէթ պիտի նպաստէին Բերձորի, Աղաւնոյի բնակչութեան մարդկային իրաւունքները յարգելու եւ տեղահանութեան պարտադրանքին տակ չդնելու տեղացիները: Տեղահանուածները Արցախի այլ շրջաններ վերաբնակեցնելու ճիգ մըն ալ երեւելի չի թուիր: Ընդամէնը 7-8 ընտանիք պիտի հաստատուի Ստեփանակերտ կամ Արցախի այլ վայրեր, մնացեալը պիտի ուղղուին Հայաստան:
Միւս կողմէ, Սոչիի հանդիպումէն ետք, Թուրքիոյ Սուրիոյ հիւսիսային շրջան յարձակումն ու ապահով գօտի ստեղծելու միտումը նահանջած կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ պարտադրանքով, յատկապէս նկատի ունենալով Թուրքիոյ նախագահին սուրիացի գաղթականներու հարցէն ձերբազատելու միտումը՝ նախքան խորհրդարանական ընտրութիւնները առաւելութիւն մը արձանագրած ըլլալու եւ իր ժողովրդականութիւնը բարձրացնելու հեռանկարով:
Այդուհանդերձ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բարելաւման նշոյլներ չկան՝ յստակ պատճառով. Սուրիա, պատերազմի առաջին տարիներէն մինչեւ օրս կը գործէ սկզբունքային գաղափարներէ առաջնորդուելով: Սուրիոյ իշխանութիւնները յստակ ուղերձ կը փոխանցեն Թուրքիոյ, յայտնելով որ մինչեւ սուրիական տարածքներէն վերջնականապէս դուրս չգայ, յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ սուրիական կողմէն: Այս մօտեցումը սկզբնական շրջանին շատերու կողմէ անիրատես քաղաքականութիւն կը թուէր թէեւ, սակայն Սուրիա իր վարած հեռանկարային քաղաքականութեամբ կը մօտենայ այդ նպատակի իրականացման: