“Երկիր Մետիա”._Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Սուսէն տարհանած է հայկական յուշարձանները, որովհետեւ նկատի առած Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը՝ հայկական յուշարձանները ոչնչացնելու բազում օրինակներ կան: Այդ հանգամանքէն մեկնելով՝ որոշած են այս անգամ չձգել թշնամիին հսկողութեան տակ անցնող բնակավայրերուն մէջ։
 
168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Քաղպաշտպանութեան ծրագիրին համաձայն, երբ սկսած է բնակչութեան տարհանումը, պէտք է տարհանէին յուշակոթողները եւ միայն կոթողային արուեստի յուշարձանները, խաչքարերը եւ այլն։
 
«Մենք այդ աշխատանքները սկսած ենք եւ տարհանած ենք ոչ միայն յուշարձանները, այլեւ գրադարանի գրքային հարթակը։ Բերձորի քաղաքային գրադարանէն 10 հազարէն աւելի կտոր գիրք ամբողջութեամբ տեղափոխուած է Ստեփանակերտ։ Տեղափոխած ենք Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի կոթողային յուշարձանները, անոնք հաւաքուած են մէկ տեղ Ստեփանակերտի մէջ։ Կան տարբեր առաջարկութիւններ այդ յուշարձաններու հետագայ ճակատագիրին մասին։ Օրինակ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի հետ համաձայնութիւն ունինք, որպէսզի Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովաննուի եկեղեցւոյ մօտ ստեղծուի համապատասխան պուրակ եւ այնտեղ տեղադրուին յուշակոթողներէն քանի մը հատը։ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մօտակայքին մէջ եւս պիտի տեղադրուին որոշ յուշակոթողներ, խաչքարեր։
 
Կան նաեւ մասնաւոր առաջարկներ, օրինակ, Շուշիի յուշարձանախումբի հեղինակէն, որ նմանատիպ յուշարձանախումբի պուրակ կրնայ ստեղծուիլ նաեւ Ստեփանակերտի , Մարտակերտի կամ այլ վայրի մէջ։ Այսինքն՝ մենք այս ամէնը տեղափոխենք եւ արդէն պիտի սկսինք այս կամ այն վայրի մէջ անոնք տեղադրել ու պահպանել։
 
Ունինք 12-13-րդ դարերու խաչքար, որ, բնականաբար, իր տեղը պիտի գտնէ պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ», ըսաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան։
 
Անոր համաձայն, այս պահուն յուշարձանները տարհանման փուլի մէջ են, աւարտած է Ներքին Սուսի, Աղաւնոյի կոթողային յուշարձաններու տեղափոխութիւնը։ Արդէն աւարտին կը մօտենայ Բերձորի ճամբու եզրերուն գտնուող յուշարձաններու տարհանումը։
 
«Յաջորդիւ պիտի զբաղինք Բերձորի կեդրոնական մասը գտնուող յուշահամալիրի խաչքերու տեղափոխութեան հարցով, կան որոշակի ճարտարագիտական հարցեր, անոնցմով կը զբաղինք։ Այդուհանդերձ, մեզի տրուած ժամկէտով դուրս պիտի հանենք բոլոր յուշարձանները։
 
Տարհանուող խաչքարերու, յուշարձաններու եւ կիսանդրիներու մօտաւոր թիւը ներկայ պահուն 47 է։ Սակայն պիտի ըլլան դէպքեր, որ տեղական իշխանութիւնը դիմած է ու կը տեղեկացնէ, որ՝ այսինչ վայրի մէջ խաչքարեր կան, մենք անոնց անմիջապէս կ’արձագանքենք։ Կան մարդիկ, որոնք դիմած են, որպէսզի տարհանենք նաեւ իրենց բակերու մէջ գտնուող որոշ յուշակոթողներ։ Այսինքն՝ երբ այդ ամէնը տեղափոխենք, արդեն որոշակի թիւ կ’ունենանք», աւելցուց Լ. Յովհաննիսեան։
 
Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքին համաձայն, առհասարակ բոլորին յայտնի է Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը հայկական մշակոյթին նկատմամբ, այդ քաղաքականութիւնը Ատրպէյճան նոյնիսկ չի պահեր եւ կ’իրականացնէ պետական մակարդակով։
 
«Յատկապէս 90-ականներէն վերջ տեղադրուած յուշակոթողները, յուշարձանները անմիջապէս կ’ոչնչացնեն, անոր վկան Ջրականի եկեղեցին է եւ բազմաթիւ այլ եկեղեցիներ ու յուշակոթողներ, որոնք մնացած են բռնագրաւուած տարածքներու մէջ։ Բնականաբար, այդ ամէնը տեսնելով, մենք քաղաքական պաշտպանութեան ծրագիրին համաձայն՝ ամէն ինչ կը տարհանենք, որպէսզի նոյն ճակատագիրին չարժանանան», շեշտեց ան։
 
Այս տարուան Մայիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հրամանագիր ստորագրած է՝ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ յուշարձաններու պահպանութեան պետական խորհուրդ ստեղծելու մասին, եւ ըստ Լեռնիկ Յովհաննիսեանին՝ այդ խորհուրդին մէջ պիտի քննարկուի տարհանուած յուշարձաններու մասին բոլոր հարցերը եւ պիտի առնուին համապատասխան որոշումներ։