Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլին խորհրդարանականներ Ճին Եիփի եւ Հան Տոնկի ուղեկցութեամբ 11 Օգոստոսին այցելած է Թորոնթոյի հայկական կեդրոն, ծանօթացած է հայ համայնքի առօրեայ կեանքին եւ հոգեւոր-կրթական կառոյցներու գործունէութեան։ Մելանի Ճոլիի՝ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած առաջին այցելութիւնն էր հայ համայնքին։
 
Թորոնթոյի հայկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ առանձնազրոյց Քանատայի արտաքին գործոց նախարարի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի տեղական ու շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Հանդիպումի ընթացքին ծաւալուն անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ հանգրուանին վերաբերող հիմնահարցերուն, Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպանութեան հիմնդրութեան աշխատանքներուն, Հայաստանի զարգացման համար քանատական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի ընդհանուր շրջանի հայ համայնքի գործունէութեան։
 
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
 
12.08.2022