ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ ֆութպոլի պատանեկան ախոյեանութեան աւարտին, Հալէպի Ահլին տիրացաւ ախոյեանութեան՝ աւարտական փուլի  մրցումներուն պարտութեան մատնելով Հուրիէն 4 – 0 եւ Նաուաաիրը 1 – 0 արդիւնքներով:
– Սուրիոյ ֆութպոլի Դաշնութիւնը իր հերթական նիստով պատժական տնօրինում սահմանեց Լաթաքիոյ Թշրին ակումբի նախագահ Թարէք Զէնէին եւ օգնական մարզիչ՝ Այհամ Շիմալիին՝ զիրենք մէկ տարիով զրկելով դաշտ մուտք գործելէ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՍՈՒՓԸՐ ԳԱՒԱԹԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ 
Սպանիոյ ախոյեան եւ Չէմփիընզ Լիկի գաւաթակիր Ռէալ Մատրիտ տիտղոս մը եւս արձանագրեց իր ոսկեայ մատեանին մէջ, տիրանալով Եւրոպայի Սուփըր գաւաթին: Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած խաղին, իտալացի Գառլօ Անչելոթիի գլխաւորած խումբը 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Իւրոփա լիկ»-ի յաղթող, գերմանական Այնտրախտ Ֆրանքֆուրթը:
37-րդ վայրկեանին, խաղին արդիւնքը բացաւ աւստրիացի պաշտպան Տէյվիտ Ալապան, որուն կոլային փոխանցումը կատարեց պրազիլցի կիսապաշտպան Գազիմերօն։ Արքայական խումբի երկրորդ կոլը նշանակեց Ֆրանսացի Քարիմ Պենզեման, 65-րդ վայրկեանին: Հանդիպումին աստղը դարձաւ Ռէալի դարպասապահ Քորթուան: Սպանական ակումբի պատմութեան ընթացքին այս 5-րդ անգամն է, որ խումբը  կը յաջողի ձեռք ձգել Եւրոպայի Սուփըր գաւաթը: Նախապէս սոյն բաժակին արժանացած է 2002-ին, 2014-ին, 2016-ին եւ 2017-ին։
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆՆ ՈՒ ԻՒՎԷՆԹՈՒՍԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՆ
Յառաջիկայ օրերուն Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի կիսապաշտպան Լիոնարտօ Փարիտիս պիտի տեղափոխուի Իտալիոյ Իւվէնթոս խումբ: Ֆութպոլի մասնագէտ Ֆապրինիօ Ռոմանօ ըսաւ, որ զոյգ կողմերը համաձայնեցան պայմանագրութեան բոլոր կէտերուն շուրջ. մօտ օրէն ան պիտի միանայ իտալական խումբին: Ըստ իտալական մամուլին, Իւվէնթուս պիտի վաճառէ Ատրիան Ռապիոն, որուն գումարով ան խումբին պիտի միացնէ Փարիտիսը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան