Քիչ առաջ, զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը երեկոյեան ժամը 19։15-ին դէմ դրին Միջերկրականէն, Թարթուս նահանգի արեւմտեան կողմէն ուղղուած իսրայէլեան օդային յարձակումի մը, որ թիրախ ընտրած էին Սուրիոյ Համա եւ Թարթուս նահանգներու շրջակայքը։
 
Հրթիռներուն մեծամասնութիւնը վար առնուած է։ Յարձակումին հետեւանքով վիրաւորուած է 2 քաղաքացի, արձանագրուած են նիւթական վնասներ։