ԱՄՐԱՆ ԱԽՈՐԺԱԲԵՐ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ՝
ԹՈՒԶՆ ՈՒ ԽԱՂՈՂԸ
Այս շրջանին մեր շուկաները ողողուած են թուզի եւ խաղողի վաճառքով: Պտղավաճառներու մօտ, կառքերու վրայ կը պսպղան խաղողին եւ թուզին ախորժաբեր գոյնն ու տեսքը:
ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ԹՈՒԶԻՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Սեպտեմբերին հասունցող համեղ ու քաղցր պտուղներէն է թուզը, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունի: Անոր մասին յիշուած է նաեւ Աստուածաշունչին մէջ:
Ան ոչ միայն մեղրահամ պտուղ մըն է, այլեւ չափազանց առողջարար մարդուս մարմնին ու գործարաններուն համար:
Առաւօտեան ձիթաիւղին թաթխուած քանի մը թուզ մեր առողջութեան կը նպաստեն: Սակաւարիւնութենէ տառապող մարդոց խորհուրդ կու տանք ճաշակել այս հրաշալի պտուղը: Անոր սննդանիւթերը արեան բարձր ճնշումը կը կարգաւորեն: Թուզը մեր մարմինէն կը վանէ արեան վատ մաղձաճարպը (քոլեսթերոլը), կը նուազեցնէ ճարպաթթուներու քանակը եւ թոյլ չի տար, որ անոնք կուտակուին մեր զարկերակներուն մէջ: Անոր համար ալ անիկա կրնայ սրտի տագնապներուն լաւագոյն կանխարգելիչը դառնալ: Թուզին մէջ գտնուող  կրածինն (քալսիում) ու ֆոսֆորը կը նպաստեն մեր ոսկորներուն աճումին: Հետեւաբար ան կ’ամրացնէ նաեւ մեր ոսկրային հիւսուածքը:
Կրածինը կը նուազեցնէ սրտի անօթներուն լարուածութիւնը, կը թուլցնէ ու կը լայնցնէ զանոնք: Այսպիսով ան կը նուազեցնէ արեան լերդացումի հաւանականութիւնը: Թուզը կը նպաստէ նաեւ սրտի արագ տրոփումին կանոնաւորման եւ կը պայքարի լեարդի, երիկամներու, լինտերու եւ շնչառական գործարաններուն մէջ յառաջացած բորբոքումներուն դէմ: Թուզը բարերար ազդեցութիւն ունի նաեւ երկաթի պակասէ տառապող հիւանդներուն համար: Անոր ջրային կամ կաթնային եփուկը հրաշալի միջոց է պաղառութեան դէմ պայքարելու համար:
Թուզի չիրն ալ բարձր սննդամթերք պարունակող նիւթ մըն է, որ ձմրան կարելի է օգտագործել որպէս ջերմութիւն իջեցնող միջոց եւ սննդարար ուտեստ:
Թուզ ճաշակեցէ՛ք եւ առողջ եղէ՛ք:
ԽԱՂՈՂԻՆ ՍՆՆԴԱՐԱՐ ԱՐԺԷՔԸ 
Խաղողը իր իւրայատուկ համին եւ գեղեցիկ տեսքին շնորհիւ՝ սիրուած եւ տարածուած է աշխարհով մէկ: Քիչերը սակայն գիտեն, թէ որքան օգտակար է ան:
Խաղողը կը պայքարի հազի, գլխացաւի, մարսողական հարցերու եւ ստամոքսի բորբոքումներուն դէմ: Ան կը նուազեցնէ սրտի կաթուածներուն եւ երիկամային անբաւարարութեան վտանգը: Խաղողը ջերմուժ կը հաղորդէ մարմինին եւ կը կանխարգիլէ կրծքագեղձի եւ աղիքներու քաղցկեղները:
Խաղողը հարուստ է կալիումով, կրածինով եւ ֆոսֆորով: Ան կը պարունակէ նաեւ քիչ քանակով պղինձ, երկաթ, մակնեզիում, սելենիում, սոտիում եւ զինկ:
Խաղողը հարուստ է նաեւ C եւ A կենսանիւթերով:
Կարմիր խաղողի գինին կը թելադրուի խմել արեան տկարութենէ տառապողներուն, յատկապէս՝ կիներուն:
Խաղողի գինիին մասին քանի մը հետաքրքրական տեղեկութիւն.
-10.000 տարի առաջ Պատմական Հայաստանի տարածքին արդէն կը պատրաստէին ու կը խմէին կարմիր խաղողի գինին:
-Եւրոպայի մէջ խաղողի մշակմամբ սկսած են զբաղիլ յոյները, իսկ հետագային՝ Ք.ա. 7-րդ դարուն՝ նաեւ իտալացիներն ու ֆրանսացիները:
-Խաղողը բազմիցս նշուած է Սուրբ Գիրքին մէջ, ահա թէ ինչո՛ւ անիկա ազնուազարմ բոյս կը համարուի, իսկ խաղողի գինին՝ «սուրբ ըմպելիք»:
Պատրաստեց՝ Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան