Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի վերամուտին մեկնարկը կատարուեցաւ Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2022-ին՝ կրկնակի խանդավառութեամբ:

Ճեմարանի 75-ամեակին առիթով 75-րդ վերամուտը եղաւ յիշատակելի օր մը՝ Ճեմարանի պատմական շէնքին վերաբացման առիթով:
Ճեմարանը ունի երկու շէնքեր, առաջինը, որ հիմնադրութեան տարիներուն կառուցուած էր, եւ երկրորդը, որ հետագային, աշակերտներու թիւին ու կրթական կարիքներու աճին հետեւանքով կառուցուած էր։
Առաջին շէնքը, որ մեծ վնասներ կրած էր Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, վերանորոգուեցաւ։ Անոր վերաբացումն էր, որ տեղի կ՚ունենար։
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդի Տեղապահ հոգշ. Հայր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչը, Ազգային Վարչութեան, Ուսումնական Խորհուրդի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային
Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Տնօրէնութիւնը, Խնամակալութիւնը, Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութիւնը, տարբեր սերունդներու շրջանաւարտներ եւ Ճեմարանի ուսուցչական կազմը:

Հանդիսութեան սկիզբը հրաւիրեալները ուղղուեցան տարրալուծարան, ուր խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեան ներկայացուց Ճեմարանի այս կառոյցին պատմութեան ու վերանորոգման վաւերագրական ֆիլմը եւ որոշ մանրամասնութիւններ յայտնեց տարուած աշխատանքներուն մասին։ Ներկաները ֆիլմը դիտելէ ետք անցան շրջափակ եւ ունկնդրեցին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեանի այս առիթով արտասանած խօսքը։

Տնօրէնը պատմական այս շէնքի կառուցման մանրամասնութիւններն ու նպատակը ներկայացուց, ապա ուսումնական տարուան վերամուտը յայտարարեց:

Հոգշ. Հայր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան ողջունելով աշակերտութիւնը եւ ներկաները յայտնեց, որ արդար հպարտութիւն է ներկայ գտնուիլ վերաբացման այս արարողութեան, որուն միջոցով կու գանք վկայել, թէ ճեմարանը կառոյց մը ըլլալէ անդին՝ տուն մըն է, որ կ’երաշխաւորէ իւրաքանչիւրին ապագան, իրարայաջորդ սերունդներու յաջողութիւնը ապահովելով:
Ան իր խօսքը աւարտեց յաջող եւ բարի երթ մաղթելով աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին:

Օրուան հանդիսավար ժիրայր Կարապետեան դիտել տուաւ, որ 75 տարի առաջ Ճեմարանի հիմնադրութեան աւետիսը յոյս սերմանեց սփիւռքի մէջ, որովհետեւ հայ ազգը իր գոյատեւման ու բարգաւաճման ուղին կը տեսնէր կրթական կեանքի արդիւնաբերութեան մէջ:

Այնուհետեւ հնչեց Ճեմարանի քայլերգը, իսկ Հոգշ. Հայր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ շէնքին պաշտօնական բացումը: Հրաւիրեալները շրջեցան վերանորոգուած կառոյցէն ներս, իսկ աշակերտութիւնը բարձր տրամադրութեամբ եւ ուրախութեան կանչերով բարձրացաւ դէպի դասարանները:

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը ներկաներուն բաշխեց յուշանուէրներ եւ հիւրասիրեց զիրենք։
Ապա գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ ու ճեմարանէն ներս ջերմ մթնոլորտ մը տիրեց։

Համոզուած ենք, որ Ճեմարանը վերանորոգուած յոյսով ու տեսլականով պիտի շարունակէ իր պայծառ երթը դէպի 100-ամեակ:

Սելա Պազարպաշեան