«Տամ Փրէս»- Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ շեշտեց Հին Հալէպի վերականգնումին առնչուող 2022-ի «13» թուակիր հրամանագիրին կարեւորութիւնը ։
Նահանգապետը սոյն հրամանագիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին կողմէ թելադրանք համարեց, աւելցնելով, որ Հին Հալէպի վերականգնումը Հալէպ նահանգին նախկին փայլքը պիտի վերադարձնէ եւ պիտի նպաստէ Սուրիոյ տնտեսութեան բարելաւման։ Նահանգապետը կարեւոր համարեց նաեւ ներդրողներուն եւ վաճառականներուն մաքսային տուրքերէն զերծ կացուցանելը եւ ներդրումային քաջալերելի մթնոլորտ ապահովելը, գործարարներուն աշխատանքը խրախուսելու համար։
-«Տամ Փրէս»- Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին, Սուրիոյ Ներդրումի Բարձրագոյն խորհուրդը գումարեց իր հերթական նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ Հալէպի Արդիւնաբերական «Լերամուն» շրջանը վերականգնել, ապա պատկան մարմիններուն յանձնարարուեցաւ սոյն ծրագիրին իրագործումը հետապնդել, շրջանին մէջ ներդրումային ծրագիրները խրախուսելու համար:
-«ՍԱՆԱ» – Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ ընդունեց Սոտեպթօ Մոքիրճիի հաւատարմագիրը, որպէս Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ։
«ՍԱՆԱ» – Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ Քոլերայով վարակուած 53 պարագաներ արձանագրուեցան, բաժնուած հետեւեալ ձեւով՝ Հալէպ 22 վարակուած, Հասիչէ՝ 12, Տէր Զօր՝ 10, Լաթաքիա՝ 10, իսկ Դամասկոս՝ 2։
-«Ուաթան Անլայն»- Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին Հասիչէի մէջ սուրիական բանակը դէմ դրաւ ամերիկեան զինուորական  շարասիւնի մը եւ կանխեց անոր մուտքը Գամիշլիի հարաւ-արեւելեան «Մունսեֆ» շրջանը։
-«ՍԱՆԱ»- Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ներկայութեամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին, տեղի ունեցաւ կեդրոնին վերաբացումը։ Նախագահը մասնակից դարձաւ աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին ուրախութեան, շեշտելով, որ վերականգնումով եւ գիտութեան ուժով պիտի վերածաղկեցնենք Սուրիոյ նախքին փառքը։ Նախագահ Ասատ շրջագայեցաւ կեդրոնի տարբեր բաժիններուն մէջ եւ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի քարտուղարութեան, մասնագէտներուն եւ պատկան խորհուրդներուն հետ։ Հանդիպումին ընթացքին, կողմերը խորհրդակցեցան ուսումնական ծրագիրին եւ անոր զարգացման միջոցներուն շուրջ. հուսկ նախագահ Ասատ իր թելադրանքներն ու ցուցմունքները տուաւ պատասխանատու կազմին։
-«ՍԱՆԱ»- Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հալէպի Միջազգային Օդակայանէն ներս թռիչքները բանիլ սկսան այսօր՝ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2022-ի կէսօրուընէ սկսեալ։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ քաղաքային օդանաւային ընկերութեան թեքնիք աշխատակազմը, գործակցաբար բարեկարգչական հաստատութիւններու հետ, ամբողջացուց Հալէպի Միջազգային Օդակայանին մէջ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով վնասուած բաժիններուն վերանորոգման աշխատանքը։