Սուրիոյ պատերազմին եւ երկրին ընդհանուր կացութեան պատճառով, Գամիշլիի «Զաւարեան» Մասնաճիւղը տասներկու տարիէ ի վեր զրկուած էր մասնակցելէ Պատանեկան Միութեան տարեկան բանակումներուն, որոնք տեղի կ’ունենային Քեսապի բանակավայրէն ներս։
Անցնող տարիներու ընթացքին, մեր երէց ընկերները, դաստիարակներն ու ծնողները յաճախ կը պատմէին Քեսապի երբեմնի բանակումներուն մասին: Մենք ալ ոգեւորուած ուշի-ուշով մտիկ կ’ընէինք այդ հաճելի պատմութիւնները։
Անցան օրեր ու տարիներ…: Այլեւս յոյս չունէինք, որ օրը պիտի գար եւ մենք ալ պիտի վայելէինք բանակումներու մասնակցութեան հաճոյքը։
Կիրակի օր մը, սակայն, երբ պատանեկանի ժողովին յայտարարուեցաւ մեր մասնաճիւղի մասնակցութիւնը տարեկան բանակումին, «վերջապէս Քեսապ պիտի երթանք..», ըսի մտովին: Աննկարագրելի ուրախութիւն մը պատեց հոգիս…։
Եկաւ սպասուած օրը: Ճամբայ ելլանք: Հակառակ անոր որ ճամբան շատ երկար ու յոգնեցուցիչ  էր, 21 ժամուան ճամբորդութեան յոգնութիւնը չզգացինք, որովհետեւ մեր միտքը զբաղած էր բանակումի մանրամասնութիւններու պատկերացումով։
Վերջապէս հասանք Քեսապ: Գիշեր էր արդէն, մութ ու մշուշոտ երեկոյ մը: Մենք առաջինը հասած էինք։ Առտու արթնցանք մնացեալ մասնաճիւղերու պատանիներուն ձայնէն։ Բանակավայրին մէջ աշխոյժ եռուզեռ մը կար: Բոլորս իրարու մօտենալով կը ծանօթանայինք եւ անմիջապէս կը մտերմանայինք։
Օրերը արագ ընթացան: Հիանալի եւ անմոռանալի այս շաբաթը իր հետաքրքրական յայտագիրով, գիտելիքներով, մարզանքի, դասախօսութեան, երգի ուսուցման, հարց-պատասխանի մրցումներու օրակարգերով, դրուագներու պատմումներով եւ ընկերային խրախճանքներով յատուկ դրոշմ մը ձգեց մեր մէջ։
Բանակումը հասաւ իր աւարտին: Յուզիչ եւ խորհրդաւոր պահ էր բանակավայրէն հեռանալու եւ մեր ընկերներէն բաժնուելու պահը։
Վերադարձանք Գամիշլի՝ մեզի հետ բերելով անմոռանալի յիշատակներ: Ծանօթացանք բոլոր մասնաճիւղերու ընկերներուն, որոնց հետ մեր կապը պիտի զօրանայ։
Իսկապէս, այնպէս ինչպէս մեզի կը պատմէին, բանակումները ուրիշ համ ու հոտ  ունին: Բանակումները կը հարստացնեն մեր գիտելիքները եւ կ’ամրացնեն մեր ընկերական կապը մնացեալ մասնաճիւղերուն հետ։
Ցտեսութի՛ւն, ընկերնե՛ր, լիայոյս ենք որ գալ տարի դարձեալ կը հանդիպինք՝ վերանորոգ եռանդով։
Բարտի Շիրիքճեան
Գամիշլի