Ի՞ՆՉ է  KETO DIET-Ը
Keto diet-ի հաւանական վնասները
Այս սննդականոնը կիրարկողին մօտ, սկզբնական շրջանին կրնան յառաջանալ կարգ մը բարդութիւններ, որոնք կ’անհետանան, երբ մարմինը սկսի վարժուիլ այս սննդականոնին։
Այդ բարդութիւններէն են՝ յոգնածութիւն, անօթութեան զգացում, կեդրոնացումի դժուարութիւն, քնանալու դժուարութիւն, մարսողութեան հարցեր, ճկունութեան նուազում։
Այս սննդականոնը կրնայ նուազեցնել մարմնի կենսանիւթերը եթէ սնունդը չ’ընդգրկէ բազմաթիւ կենսանիւթեր եւ սերտուած չըլլայ։
Keto diet-ի ընթացքին պէտք է զանց առնել հետեւեալ ուտեստեղէնը
1.- Շաքար պարունակող ուտելիքներ՝ պաղպաղակ, կարկանդակի տեսակներ եւայլն։
2.- Ընդեղէն՝ ոսպ, սիսեռ, լուբիա եւայլն։
3.- Պտուղներ, բացի քիչ շաքար պարունակող տեսակներէն, ինչպէս ելակը։
4.- «Diet» որակի ըմպելիներ։
5.- Ոգելից ըմպելիներ։
6.- Ածխաջրեր պարունակող ուտեստեղէն, ինչպէս՝ ցաւար, բրինձ, դդմաճ (macaron) եւայլն։
7.- Քաղցր բանջարեղէն, ինչպէս ստեպղին, գետնախնձոր, ճակընթեղ եւայլն։
8.- Իւղոտ եւ ոչ սննդարար ուտելիքներ, ինչպէս՝ մայոնէզ, չիփս եւայլն։
Ի՞նչ կրնայ ուտել keto diet-ի հետեւողը
1.- Հաւկիթ, պանիրի տեսականի, մսեղէն, առողջապահական ձէթ, ինչպէս ձիթաիւղ։
2.- Կարագ, սերուցք եւայլն։
3.- Անլի պիստակեղէն։
4.- Ավոքա։
Թելադրելի է օգտագործել
1.- Առատ ջուր։
2.- Caffein պարունակող ըմպելիներ, ինչպէս՝ սուրճ, թէյ եւայլն։
3.- Անհրաժեշտութեան պարագային ստանալ լրացուցիչ կենսանիւթեր։
4.- Խիստ կարեւոր է նախքան այս սննդականոնին հետեւիլը արեան քննութիւն կատարել, որպէսզի բարդոյթներ չյառաջանան։
Նախընտրելի է այս սննդականոնին հետեւիլ բժիշկի հսկողութեամբ։
(Շար. 2 եւ վերջ) 
Շաղիկ Գաբրիէլեան