Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի ՀՀ ներկայացուցչութեան մամուլի խօսնակ Յասմիկ Սամուէլեան յայտնած է, որ Հայաստան դիմում ներկայացուցած է Արդարադատության Միջազգային Դատարան՝ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ պատերազմական յանցագործութիւններու հիմքով։

Ան դիտել տուաւ, որ նամակը առաքած են, սակայն պաշտօնապէս պիտի հրապարակեն 19 Սեպտեմբերին:

«Արդարադատութեան միջազգային դատարան դիմելու հիմքը Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելն է», ըսաւ ան։