Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբին հրաւէրով` պաշտօնական այցելութեամբ Ուաշիկնթըն գտնուող Դաւիթ Բաբայեան 17 Սեպտեմբերին ելոյթ ունեցած է Վուտրօ Ուիլսընի տուն-թանգարանին մէջ` Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Արցախի անվտանգութեան ու ազատութեան նուիրուած ճաշկերոյթին: Դաւիթ Բաբայեան հիմնականապէս անդրադարձած է Արցախի ինքնիշխանութեան ու անվտանգութեան գծով սփիւռքի դիւանագիտական աջակցութեան: Նախարար Բաբայեան ելոյթի ընթացքին մէջբերած է նաեւ փոքր ազգերու անհետացման սպառնալիքի վերաբերեալ նախագահ Ուիլսընի յայտնի մտահոգութիւնը:
Դաւիթ Բաբայեան Ուաշինկթըն հրաւիրուած է Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի ռազմավարական քննարկումներուն` դաշնային քաղաքականութեան սեմինարին մասնակցելու համար, որուն կը մասնակցին Հայ Դատի Ամերիկայի կեդրոնական յանձնախումբի անդամները ԱՄՆ շարք մը նահանգներէն:

Երկուշաբթի Բաբայեան հանդիպումներ պիտի ունենայ ԱՄՆ Քոնկրէսին, վերլուծական կեդրոններուն, համալսարաններուն, եկեղեցական ու համայնքային շրջանակներուն մէջ: Երկուշաբթի նախատեսուած է Բաբայեանի ելոյթը Քափիթոլիումի բարձունքին` Արցախի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկի շրջագիծէն ներս, որը կազմակերպուած է Քոնկրէսի հայկական խումբին հետ համագործակցաբար:

Դաւիթ Բաբայեանի հետ Ուաշինկթըն կը գտնուին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ մարզանքի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ
18.09.2022 թ.