16 Սեպտեմբեր 2022_ին ժամը 6:00-ին հազարաւոր լիբանանահայեր բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` դատապարտելով Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի գործած յարձակումը, թշնամական արարքներն ու խաղաղ բնակչութիւնը ռմբակոծելու անոր արարքները:

Պուրճ Համուտի թաղերուն եւ Լիբանանի հայահոծ բոլոր շրջաններուն մէջ ժամը 5:00-էն սկսեալ կար տարբեր տեսակի եռուզեռ մը: Լիբանանահայութիւնը կը պատրաստուէր խուռներամ ուղղուելու Այն Աար եւ ահաբեկիչ պետութեան դեսպանատան դէմ բարձրացնելու բողոքի իր ձայնը` Հայաստանի դէմ անոր գործած զինուորական գործողութիւններուն, քաղաքայիններուն դէմ անոր գործած բռնութիւններուն եւ նահատակ զինուորականներուն դիակները պղծելու անոր արարքներուն դէմ:

Բազմամարդ այս ցոյցին լիբանանահայութիւնը մասնակցեցաւ իր մեծով ու պզտիկով, պատանիով ու երիտասարդով, տարեցով ու երեխաներով:

Եռագոյնի, Արցախի դրօշներու, եւ Ատրպէյճանի արարքները դատապարտող պաստառներով ցոյցը սկսաւ կանչերով, որոնք հաստատեցին, որ լիբանանահայութիւնը կը մնայ կառչած իր պայքարին եւ Հայ դատին, կը պահանջէ արդարութիւնը եւ ոչ մէկ ձեւով պատրաստ է ընդունելու, որ հայրենի հողերու զիջում կատարուի թշնամիին:

Ցոյցին ընթացքին հրկիզուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի դրօշը:

Ցուցարարներուն անունով արաբերէնով խօսք արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան։

Ապա իր պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։

Ցոյցը աւարտեցաւ «Արիւնոտ դրօշ»-ի երգեցողութեամբ: