«Արմէնփրէս»._ Ատրպէյճան Հայաստանին փոխանցած է 95 զինուորական ծառայողի դի, որոնք զոհուած էին Հայաստանի դէմ այդ երկրի յարձակումին հետեւանքով: «Արմէնփրէս»-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին լուրը հաստատեց ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարի մամլոյ քարտուղար Արամ Թորոսեան:

Թորոսեան յայտնեց, որ վերադարձուած մարմինները ներառուած են անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարած 207 զոհուած եւ անհետ կորածներու թիւին մէջ:

17 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանը Հայաստանին փոխանցած էր 32 զինուորական ծառայողի դի: