Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ժընեւի մէջ մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 51-րդ շրջանի «Սուրիոյ իրավիճակը» խորագիրով յատուկ նիստին, ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց Հուսամ ալ Տին Ալա ըսաւ. «Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին ներկայացուցած զեկոյցները արեւմուտքի քաղաքական ազդեցութեան ենթակայ են, հետեւաբար անոնք ճշգրիտ տեղեկութիւններ չեն փոխանցեր եւ Սուրիոյ կամ այլ պետութեան իրավիճակի իսկական պատկերը չեն ցոլացնէր։
Դեսպան Ալա աւելցուց. «Հակառակ մեդ երկրի զանազան դժուարութիւններուն, ամերիկեան, թրքական եւ իսրայէլեան ուժերուն սուրիական հողերու բռնագրաւումին, անոնց կողմէ սուրիական հարստութիւններու թալանին, Հասիչէի մէջ մէկ միլիոն քաղաքացիի ջրազուրկ պահուելուն, Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն, Սուրիա կը շարունակէ գործակցիլ ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն եւ բարեկամ պետութիւններու հետ՝ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւնները հասանելի դարձնելու եւ այլ երկիրներու մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով։
Դեսպան Ալա եզրափակելով շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներու վերացումը միակ միջոցն է անոր տագնապին վերջ տալու եւ ապրուստի կենսական կարիքը բաւարարելու։