Կարսն ու Անին
Ինչպէ՞ս փակել աչքերը, ինչպէ՞ս խեղդել յուզմունքը, ինչպէ՞ս չափսոսալ, վերջապէս ինչպէ՞ս հաշտուիլ…
Արդէն ուշ է…:
Արեւածագին, երկար տարիներ սպասուած շրջապտոյտը սկսած էր: Պատմամշակութային պտոյտ մը՝ Ալեքսանդրապոլ, Կիւմրի քաղաքէն դէպի դրախտային Ջաւախքի դալարապատ դաշտեր, ծառուղիներ: Երբ Ջաւախք ցուցանակին քովէն անցանք, կրկին հպարտացանք ջաւախքահայուն հայրենասէր ոգիով, կամքով եւ յարատեւութեամբ…
Անցանք Նինոնցմինտա ապա Ախալքալաք եւ Լոռիի ազատ գօտիէն, ուր կանգուն էր «Ամուլսար»-ը ու մենք եւս անոր նման հիացանք «Փարւանա» լիճով, որ կարծէք ըսելիք մը ունէր մեզի, սակայն նախընտրեց «լռել», մտածելով որ տակաւին խոր յուզում ապրելու երկար ժամանակ ունինք… կանգ առինք հայրենածին տաղանդաւոր աշուղ Ջիւանիի գիւղը…Մեծ վարպետին հոգեփուխ եւ սրտափուխ նուագն ու ձայնը կը լսէի կարծէք… հսկայ ու լուռ արձանին դէմ կանգնած, հպարտօրէն նայուածքս կը սեւեռէի անոր աչքերուն խորը, արդեօ՞ք բան մը պիտի ըսէր… եւ ինչպէս միշտ, յիշատակի պատկերով մը հրաժեշտ տուինք հայ աշուղին ու հասանք անցակէտ:
Միապաղաղ եւ«ցուրտ» էր սահմանը Վրաստանի… սիրտս հասկնալի, բայց եւ վախազդու տրոփիւնով կը զգաստացնէր զիս պատրաստուելու յաջորդ կանգառին՝ Թուրքիոյ սահմանին…
Գիտէի, որ փշոտ պիտի ըլլար ճանապարհը, սակայն չէի ուզեր պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ հոգեխառն ապրումներով եւ խիստ բարկութեամբ պիտի համակերպիմ «անոնց»  օրէնքներուն եւ «տ-ի-ր-ու-թ-ե-ա-ն»…:
Այս սահմանը առաւել եւ առաւել սոսկալի «ցուրտ»էր, սրտիս զարկերն իսկ սառած էին կարծէք: Ապակեայ փեղկին ետեւ նստած էր ճաղատ, դեղնած եւ անժպիտ ու սառած աչքերով պաշտօնեայ մը, որուն դէմքին վրայ դաժան մահուան մը տժգոյն տեսիլքը կար կարծէք, մեծ հաւանականութեամբ «Թալէաթի կրկնօրինակն» էր…մտածեցի եւ առաւել սարսուռ եւ ա-տ-ե-լ-ու-թ-իւ-ն զգացի:
Արամ Հայկազի մտքերով տարուած. «Տէ՜ր Աստուած, հիմա որ կը տեսնես Թուրքը, արդեօ՞ք կ’ամչնաս, որ նման ազգ մը ստեղծած ես» . «է՜հ ինքը՝ Աստուած,  գիտէ», մտածեցի:
Եւ այդ վախազդու աչքերուն առանց նայելու երկարեցի ինքնութեանս տետրը եւ չեմ յիշեր, թէ ի՛նչ ըսաւ, որ կարգս անցաւ եւ դուրս գալով ոտքս դրի յուզման գագաթնակէտը տանող իմ պապերուն, մեր հերոսներուն եւ մեծ տառապանքով ու վայրագաբար արտահանուած իմ ժողովուրդին հողերուն վրայ:
Սահմանի երկայնքին՝ «Ծովակն հիւսիսոյ» անվերջ կ’երկարէր մեր ճամբուն հետ զուգահեռ, կարծէք կը փորձէր հանդարտեցնել հոգիիս խռովքը…արդեօ՞ք:
Տարածուող պսպղուն եւ կապուտակ լիճը եւ հեռուն կանգուն Ամուլսարը, որ իր լռին մնջութեամբ կը յիշեցնէր մօտալուտ՝ «Կա՛րս, Կա՛րս, Կա՛րս, հայրենի հարս, երբ դու նորից Մայր Հայաստան պիտ վերադառնաս» մեր կարօտի սրտայոյզ երգին տողերը…արցունքներս լուացած էին գլխուս յենարանը՝ մեզ փոխադրող հանրակառքի ապակին, որ տակաւին յորդառատ արցունքներու ականատեսը պիտի դառնար եւ տակաւ պիտի առաջնորդէր մեզ դէպի անցեալի հպարտութիւն եւ ներկայի ցաւոտ ու մղկտող ճանապարհներ:
Կանգնած եմ Կարսի ամրակուռ բերդին դիմաց, ուր կայուն բարկութեամբ հանգչած է մեր անցեալի Ս.Կարապետ եկեղեցին, ներկայիս մզկիթի նոր ինքնութեամբ աղաւաղուած…
Փորձեցինք մտնել «եկեղեցի»: Դռնապանը պարտադրեց մահմետական կրօնքի պայմանները յարգել …ոմանք մտան… ես մերժեցի, ոչ թէ կրօնական աւանդոյթներուն չենթարկուելուս համար, այլ բիրտ արարքին ցաւը զգալով:
Այնուհետեւ բարձրացանք մեր «յանձնուած Կարս»-ին բերդը…ամրակուռ էր ան, ինչպէս անցեալի մեր ոգին: Բարձր եւ հպարտ էր, ինչպէս մեր կամքը եւ մեր պատմութեան էջերը… այսօր, սակայն, վարը հանգչած Կարսը հպարտ ու խեղդուած յուզումի արցունքներով մե՜զ կը դիտէ՜ր…:
Ապա…
Անի՜ն…Ա՜խ Անի՛, Անի՛, ծախուա՛ծ Անի, աւերուա՛ծ Անի…
Հսկայ եւ տարածուն Անիի աւերակներ…
Զարմացած, քարացած, դարպասին դիմաց կանգնած ոչնչութիւն մըն էի կարծէք, սակայն շուտով ծունկերս շունչ առին եւ դողացին վերջապէս…Հիմա՝ ինչպէս  «օտար» այցելու մը, տուրք տալով պիտի յառաջանայի մեր Անի մայրաքաղաքի պարիսպներէն անդին եւ քայլ առ քայլ ընթանայի կիսաւեր, կիսաքանդ եկեղեցիներու անխաչ գմբէթները տեսնելով եւ փլատակ սրբաքարերուն, կիսաքանդ սիւներուն ականատեսը ըլլալով…ափսոսանքն ու արցունքը ոչնչացուցած էին մտածումիս եւ տրամաբանութեանս կապը.. սակայն Ս.Գրիգոր եկեղեցւոյ խաչով միակ գմբէթն ու պաղ եւ դատարկ խորանը, պատերուն վրայ հազիւ երեւցող սրբանկարները աղօթք բարձրացուցին հոգիիս խորքէն, որով ուժ հաւաքեցի եւ կրցայ հասնիլ մինչեւ Արեւելեան Հայաստանը բաժնող Ախուրեան գետը: Արցունքներս յորդեցան եւ նայուածքս հանգչեցաւ հեռո՜ւն երեւցող հայկական գիւղի մը բարձունքին ծածանող փոքրիկ եւ հազիւ երեւելի եռագոյն դրօշին, որ կանգնած էր գաղթը մերժած եւ տակաւին հոն ապրող միայնակ հայ պառաւի մը տնակին վերեւ:  Շատ լացի հայ պառաւին մինակ մնացած ըլլալը տեսնելով, բայց ժպիտը կրկին ուրուագծուեցաւ դէմքիս վրայ, երբ շօշափեցի հայրենասիրական անպարտելի իր ոգին:
Մեր ճամբան կը շարունակուէր «Ծովակն Վանա» լիճին անվերջ երկայնքով…Պայազիտ, Բերքրի, ապա Վան եւ Աղթամար մեզի կը սպասէին անհամբեր…ինչպէս մենք՝ իրենց:
Յիշելով մեր նուիրական հերոս ֆիտայիները, այգեստան Վանի Հայրիկն ու քաջասիրտ վանեցիները, մտածեցի պահ մը, թէ ինչպէ՛ս պիտի դիմաւորէի անոնց լու՜ռ, բայց եւ հզօ՛ր աղմուկը…
Լուռ հպարտութեան եւ խոր ցաւի յուշերով պիտի շարունակեմ նկարագրել հայկական մեր լեռնաշխարհը՝ յաջորդ թիւերով…:
(Շար.1)
Սոնա Մատարեան