«Արմէնփրէս»._Թուրքիոյ կառավարութեան 26 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք նիստի օրակարգին մէջ ներառուած է նաև Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին հետ կապուած հարց: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նախագահութեամբ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգին մէջ ներառուած են երկրի տնտեսական զարգացումները, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան տարբեր կողմերը, Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուած իրավիճակը, ռուս-ուքրանական յարաբերութիւններուն եւ անոնց միջեւ ընթացող զինուորական գործողութիւնները, Թուրքիոյ կողմէն իր սահմաններէն դուրս իրականացուող զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր: Օրակարգին համաձայն, Էրտողանը նիստի աւարտին ուղերձով պիտի դիմէ Թուրքիոյ հանրութեան։