Գամիշլիէն գաղթած Գասապեան ընտանիքը տասնեակ տարիներ շարունակ իր նուիրատուութեամբ օժանդակած եւ զօրավիգ կանգնած է Գամիշլիի ազգային վարժարաններուն, որոնք դարբնոցն են հայեցի եւ ազգային դաստիարակութեան։
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին Ազգային Միացեալ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ ազգային բարերար Գասապեան ընտանիքի ննջեցեալներուն։ Հոգեհանգիստին ներկայ գտնուեցան վարժարանի աշակերտները։ Հայր սուրբը խօսք առնելով յիշեց այս ընտանիքին երկար ծառայութիւնն ու նուիրումը՝ ի նպաստ գաղութի հայապահպանման գործընթացին։ Ան շեշտեց, որ «Այս ընտանիքին անդամները հակառակ գաղութէն գաղթած ըլլալնուն, մտքով ու հոգիով կապուած են իրենց ծննդավայրին եւ տասնեակ տարիներ շարունակ նիւթական ներդրում բերած անոր, որպէսզի ազգային վարժարանները շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Մենք իրենց ննջեցեալներուն համար աղօթք կը բարձրացնենք բարձրեալն Աստուծոյ, որպէսզի խաղաղ ննջեն։ Իսկ դուք, սիրելի՛ աշակերտներ, ձեր ուսերուն պիտի վերցնենք հայ լեզուի պահպանման աշխատանքը, պիտի շարունակէք պահել ու պահպանել Մեսրոպեան մեր գոհարները՝ հայոց տառերը, ինչպէս նաեւ ձեր ուսման ճանապահը հարթել անխոնջ աշխատանքով եւ աննկուն կամքով»։
Նշենք որ հոգեշնորհ հայր սուրբը այցելեց նաեւ Ազգային Եփրատ մանկապարտէզն ու նախակրթարանը, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին հետ, ապա հանդիպումներ ունեցաւ անոնց հետ, մօտէն հետեւելու վարժարաններու ուսման գործընթացին, ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ նախատեսուած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ իր օրհնութիւնն ու բարի մաղթանքները ուղղեց աշակերտութեան եւ վարժարաններու աշխատակազմին, որպէսզի 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանը ըլլայ հեզասահ եւ յաջող։

 

Բժշկհ. Մարի Մելքոն