Սոչիի աւարտած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ երկկողմ հանդիպումը։ Բանակցութիւնները ընթացած են մօտ մէկ ժամ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպմանը յայտարարած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումով։ Ան ըսած է, որ իրենք պատրաստ են որեւէ պահուն որոշակի որոշումներ առնել՝ հիմնուելով 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտին եւ 11 Յոնուար 2021_ի եռակողմ յայտարարութեան վրայ։
«Հայաստանի տարածքով անցնող հաղորդակցութիւնները պէտք է ըլլան Հայաստանի լիակատար վերահսկողութեան տակ եւ գործարկուին Հայաստանի օրէնսդրութեան համապատասխան։ Ռուսիոյ ԱԴԾ սահմանային ծառայութիւնը պէտք է վերահսկէ վերոնշեալ պայմանագիրերու կատարման ընթացքը», ըսած է Փաշինեան։

Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ատրպէյճանական զինուժի դուրսբերման կարեւորութեան մասին։

«Յոյսով եմ, որ այսօրուան քննարկումներէն վերջ այս հարցը կը լուծուի, մեզի համար շատ կարեւոր է Ռուսիոյ յստակ դիրքորոշումը՝ 11 Մայիս 2021-ի դրութեամբ ատրպէյճանական զօրքերը դիրքեր դուրս բերելու անհրաժեշտութեան մասին ձեւակերպումով», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Հայ-ատրպէյճանական միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման ռուսական նախագիծով առաջարկուած մօտեցումներուն Նիկոլ Փաշինեան ըսած է հետեւեալը․

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցով մեզի համար ընդունելի են հայ-ատրպէյճանական միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման ռուսական նախագիծով առաջարկուած մօտեցումները։

Անցած շաբաթ «Վալտա» ակումբի հարթակին վրայ Դուք անդրադարձաք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարելի խաղաղութեան պայմանագիրի հարցին, ընդգծելով այդ գործընթացի որոշ կարեւոր յարաչափեր՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ առնչուած՝ հաստատելով, որ կ’աջակցիք այն սկզբունքներու ընտրութեան, որոնց կողմ կ’արտայայտուի հայկական կողմը:

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան վերջաւորութեան՝ Ձեր մասնակցութեամբ փակ նիստի ընթացքին ես խօսած եմ այս մասին եւ կը փափաքիմ կրկին ընդգծել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով մեզի համար ընդունելի են այն մօտեցումները, որոնք կ’առաջարկուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման սկզբունքներու եւ յարաչափերու մասին ռուսական նախագիծով», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։