Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները՝ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Փեթեր վան Տալենի, Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտոյի եւ Լարս Փաթրիք Պերկի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած են, որ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ձգելը յղի է ցեղային զտումներով։

Հիւրերը Հայաստանի մէջ կը գտնուին ծանօթանալու այն իրականութեան, որուն կ’առերեսուի մեր երկիրը, ինչպէս նաեւ՝ այս դժուարին ժամանակներուն մէջ իրենց համերաշխութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ է կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման վերաբերող հարցերուն:

Նշուած է, որ այսօր եւրոպական շատ կառոյցներ կրկնակի ձեւաչափերով քաղաքականութիւն որդեգրած են եւ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին համաձայն ուժանիւթի շահերը բարձր կը դասեն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներէն:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մասին զեկոյցին, որ յառաջիկային պիտի քննարկուի Եւրոխորհրդարանին մէջ:

1 Նոյեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակցած են ՀՀ Ազգային Ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիճանեան, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներ Արթուր Խաչատրեան, Լիլիթ Գալստեան, Աննա Գրիգորեանն ու Ասպրամ Կրպեյեան: