Հայաստան եւ Իրան փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրած են ելեկտրականութեան եւ կազի առնչուող համաձայնագիրի երկարաձգման մասին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով «Mehrnews»-ը, Թեհրանի մէջ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Հայաստանի վարչապետը բարձր գնահատած է Իրանի հայ համայնքի նկատմամբ Իրանի նախագահ Ռայիսիի մօտեցումը:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով ` Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կրնայ ըլլալ տարբեր կրօններու հետեւորդներու միջեւ խաղաղ համագործակցութեան եւ համակեցութեան յստակ եւ միանշանակ խորհրդանիշ:
Բարձր գնահատելով կովկասեան տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան առնչուող Իրանի սկզբունքային տեսակէտները ` Փաշինեան ըսած է.
«Ես պարոն Ռայիսիին տեղեկացուցած եմ Սոչիի եռակողմ հանդիպման մասին, եւ ես համաձայն եմ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման վերաբերեալ Իրանի նախագահին տեսակէտներուն հետ»: