Սիրելի՛ երիտասարդներ,

Մե՛նք բարոյական, ազգային եւ սրբազան գործը շարունակելու պարտաւորութիւններ ունինք մեր ազգին եւ մեր նահատակներուն նկատմամբ: Այդ իսկ պատճառով, մեր նահատակներուն սխրագործութեան, գաղափարական կտակին հետապնդած նպատակներուն հաւատարիմ եւ յանձնառու մնալ կը նշանակէ՝ նախ եւ առաջ կազմակերպական, կարգապահական, գաղափարական-քաղաքական մեր կեցուածքներուն մէջ ըլլալ անթերի: Կը նշանակէ բոլոր ժամանակներուն ամէն տեսակի դժուարութեանց արհեստական արգելափակումներուն դէմ պայքար, յոգնածութեան, անտարբերութեան, յուսալքութեան, անզօրութեան եւ յուսահատութեան բոլոր ժխտական ու ներազգային դիմադրողականութիւնը տկարացնող ալիքներուն դէմ պայքար:

Կը նշանակէ Յարութի, Յակոբի, Մոսիկի եւ իրենց նման հերոսներուն յիշատակը վառ պահել, հաւատարիմ եւ յանձնառու ըլլալ։ Կը նշանակէ կառչիլ մեր սրբազան հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողին եւ մեր ազգի բոլոր իրաւունքներուն։

Հարկ է չտարուիլ համաշխարհային վտանգներով, նիւթականացած բարքերով ներկայ աշխարհի թելադրած կանոններով, որոնք ի զուր կը փորձեն ջլատել, պառակտել, ապազգայնացնել եւ ապաքաղաքականացնել ազգային խնդիրներ ունեցող եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ տոգորուած ժողովուրդները:

Մենք պէտք է ըլլանք պահանջատէր, մերժել մեր իրաւունքները խլելու որեւէ փորձ` միշտ ձգտելով ըլլալ իսկական ուժ եւ գիտակցելով, որ գոյատեւելու համար կարիք ունինք պայքարելու մինչեւ մեր արդար իրաւունքներուն ձեռքբերումը :

Պէտք չէ տարուինք մեզ տկարացնելու ձգտող փորձերով, որովհետեւ մեր ունեցած զէնքերը, ազատ ու անկախ ապրելու համոզումը, ազգային, գաղափարական, հոգեբարոյական եւ ազգային միասնականութեան հաւատամքի զէնքերը իրապէս անպարտելի են, իսկ մենք այսօր պիտի շարունակենք Հայ դատի պահանջատիրական պայքարը բոլոր ճակատներու վրայ անխտիր:

Այսօր պէտք է ոչինչ խնայել Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անվտանգութեան, ներազգային միասնականութեան ի խնդիր, նաեւ` ոչ մէկ ջանք խնայել Հայ դատի եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի, արդար պահանջատիրութեան գործի անվերապահ մեր մասնակցութիւնը բերելու։

ՅԱՒԵՐԺ ՓԱՌՔ ՈՒ ՊԱՏԻՒ ՁԵԶԻ, ԱՆՄԱ՛Հ ՀԵՐՈՍՆԵՐ։

Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբ