ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ 40-ԷՆ ՎԵՐ ՏԱՐԻՔԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ 
                                      ԱՇՈՒՆ-ՁՄԵՌ 2022-2023
Ժամանակակից կանայք կը յատկանշուին խնամուած տեսքով, նրբագեղութեամբ եւ յստակ իմացութեամբ: Անոնք գիտեն ինչպէս ընդգծել առաւելութիւնները եւ թաքցնել թերութիւնները: Հետեւաբար, աշուն-ձմեռ եղանակներուն համար 40-ը անց կիներու նորաձեւութիւնը բնաւ կապուած չէ լայն ծաւալով, աննկարագրելի հագուստներու, այլ նրբագեղութեան, ոճի եւ յատուկ շքեղութեան հետ:
ՀԱԳՈՒՍՏԻ ԵՒ ԿՕՇԻԿԻ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ ԱՇՈՒՆ-ՁՄԵՌ 40+ ԿԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Մասնագէտներ կը հաստատեն նորաձեւութեան երկու հիմնական ուղղութիւններ, որոնք զիրար կը հակասեն: Առաջինը գոյներու եւ ձեւերու դասական համադրութիւնն է, իսկ երկրորդը՝ գոյներու, տարօրինակ ձեւերու եւ աշխուժութեան շռայլութիւնն է: 
Աշուն-ձմեռ ամենանորոյթ կօշիկները դասական կաշիէ կամ թաւշեայ կօշիկներն են` բարձր կրունկով: Եղանակի ամենագրաւիչ ձեւը՝ փափուկ եւ յարմարաւէտ, մինչեւ ծունկ երկարող կօշիկներն են, որոնք պատրաստուած են փափուկ մորթէ կամ կաշիէ:
40+ տարեկան կնոջ համար յատկապէս կարեւոր է յարմարաւէտութիւնը: Հետեւաբար, զբօսանքի, մարզադաշտի մէջ առաւօտեան վազքի կամ գնումներու ընթացքին ան կրնայ կրել մարզական կօշիկներ:
Գրասենեակային քոստիւմներ. Ինչ հագնիլ գրասենեակային աշխատանքի օրերուն. Նորոյթ կը համարուին առաւելաբար լայն, սրճագոյն կամ կապոյտ երանգներով, վառ հիւթալի գոյներով տափատները։ Ընտրեցէ՛ք ընդարձակ, բարձր մէջքով յարմարաւէտ այնպիսի ձեւեր, որոնք կ’ընդգծեն գօտիին տեղը։ Այս տաբատները կատարեալ համադրութիւն կրնան ըլլալ վերնաշապիկներու եւ նեղ գազակներու հետ։
Կիսաշրջազգեստներ. Յառաջիկայ աշուն-ձմեռ եղանակին նորոյթ են նաեւ ծալքերով կիսաշրջազգեստները: Անոնք երիտասարդ ու աշխոյժ կերպարով կը ներկայացնեն կինը:
Ճինզ. Ժամանակակից նորաձեւութեան մէջ 40-էն վեր կիներուն ոճաբաններ խորհուրդ կուտան ընտրելու ուղիղ կտրուածքով ճինզեր, մութ կապոյտ գոյնով, բարձր մէջքով եւ առանց աւելորդ զարդերու կամ կտրուածքներու: Նման ճինզերու հետ կարելի է հագնիլ վերնաշապիկներ, կաշիէ կարճ բաճկոններ, զարդարուած երկար վերարկուներ եւ մորթեայ կարճ ու անթեւ բաճկոններ:
Արտաքին հագուստ. Այս տարիքի կանանց համար նորոյթ են մեծ չափերով, երկար վերարկուները՝ միագոյն կամ հարուստ գոյներով:
***
ՍՄԲՈՒԿ – ՓԻՁՁԱՆԵՐ
Բաղադրիչներ
– Մէկ կամ երկու երկար սմբուկ
– 2 լոլիկ
– Ձիթապտուղի ձէթ (շուրջ մէկ սուրճի գաւաթ)
– Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1 թէյի դգալ օրիկանօ
– 1 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– Ձեռքի տակ գտնուող որեւէ հալող պանիր
Պատրաստութիւն
Սմբուկները կլոր շերտել, փուռի ափսէին վրայ շարել:
Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը՝ ձէթով եւ բոլոր համեմներով ու սխտորով:
Սմբուկները ծեփել թացանով եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել 5 – 7 վայրկեան, յետոյ սմբուկներուն վրայ աւելցնել մէկական լոլիկի շերտ, դարձեալ ծեփել թացանով ու կրկին եփել 5 վայրկեան: Վերջապէս լոլիկներուն երեսը ծածկել տաշուած պանիրով ու մանրուած ազատքեղով եւ փուռ փոխադրել:
Երբ պանիրը հալի՝ անմիջապէս մատուցել: