Համաշխարհային սակարանէն ներս, ունկիի գինին 1781 ԱՄՆ-ի տոլարի բարձրացումին զուգահեռ, Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2022-ին, սուրիական շուկային մէջ ոսկիին գինը 3000 ս.ո. աճ արձանագրեց։ Դամասկոսի Ոսկերիչներու Միութեան հրապարակած ցուցակին համաձայն, ոսկիի (21 կարատ) մէկ կրամին վաճառքի գինը հասաւ 141.000 ս.ո.-ի, իսկ գնման գինը՝ 253.000 ս.ո.-ի, մինչդեռ 18 կարատի մէկ կրամը՝ 216.857 ս.ո. վաճառքի գին, 216.357 ս.ո. գնման գին արձանագրեց։
Միութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, հետեւելու միայն միութեան ցուցակին հրապարակած ճշգրիտ գիներուն եւ ըստ այնմ ոսկին գնելու։