«Արմէնփրէս» – Ֆրանսայի Հանրապետութեան ծերակոյտը ընդունած է Հայաստանին աջակցող և Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձև։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «Ֆէյսպուք»-ի էջը։

Հաղորդագրութեան մէջ նշոգած է. «Ի թիւս այլ դրոյթներու՝ Ֆրանսայի ծերակոյտի բանաձևը.

– կը պահանջէ հեռացնել Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն և յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը;

– կոչ կ՚ուղղէ ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները և ապահովել անոնց վերադարձը հայրենիք;

– կ՚առաջարկէ Ֆրանսայի կառավարութեան, եւրոպական գործընկերներու հետ համագործակցաբար, պատասխան դիւանագիտական և տնտեսական միջոցներ նախատեսել Ատրպէյճանի կողմէ իրականացած յարձակողապաշտութիւնը պատժելու նպատակով, այդ կարգին՝ կիրառել պատժամիջոցներ, որոնք թիրախ կը դարձնեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ունեցուածքը, ինչպէս նաև կը նախատեսեն շրջափակում կիրառել Ատրպէյճանէն կազի և նաւթի ներկրման պարագաներուն;

– կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը և կ՚առաջարկէ կառավարութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ;

– կ՚առաջարկէ կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման աջակցելու կարելիութիւնը»։

Ըստ աղբիւրին՝ բանաձևը ներկայացուցած են ծերակուտականներ՝ Պրունօ Ռըտայօն, Քրիստիան Քամպոնը, Էլիան Ասասին, Փատրիք Քանները, Էրվէ Մարսէյը և Ժիլպէր-Լիուկ Տըվինազը։