Գերմանիոյ մէջ քննարկումներու նիւթ դարձած է Ցեղասպանութեան եւ պատերազմական յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնելու հարցը: Իրաւաբաններու դիտարկումով՝ կրնան պատժուիլ նաեւ անոնք, որոնք կը հերքեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Ժողովրդային-Ժողովրդավար Կուսակցութեան», «Ազատ Ժողովրդավար Կուսակցութեան» եւ «Կանաչներու Կուսակցութեան» կողմէ ստեղծուած դաշնութեան կառավարութիւնը օրէնքի նախագիծը ներկայացուցած է Պունտեսթաքի (խորհրդարան) քննարկման եւ քուէարկման: Թէեւ ընդդիմադիր «ձախ» եւ «Այլընտրանք Գերմանիոյ Համար» (AFD) կուսակցութիւնները դէմ քուէարկած են, այդուհանդերձ օրինագիծը ընդունուած է 514 պատգամաւորի կողմէ քուէարկութեան արդիւնքով:
Գերմանիոյ քրէական օրէնսգրքի 130-րդ յօդուածին մէջ կատարուած յիշեալ օրէնսդրական փոփոխութիւնը կը նախատեսէ ազատազրկում (մինչեւ 3 տարի) կամ տուգանք բոլոր անոնց համար, որոնք ատելութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրեն՝ ժխտելով Ցեղասպանութիւնն ու պատերազմական յանցագործութիւնները:
Ըստ այդմ՝ պիտի պատժուին ոչ միայն Գերմանիոյ Հոլոքոսթը ժըխտողները, այլեւ աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ ցեղասպանութիւններն ու պատերազմական յանցագործութիւնները ժխտողները, մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները հերքողները:
Թրքական լրատուամիջոցները անհանգստացած եւ տարակուսած են, թէ արդեօ՞ք օրէնքի վերոյիշեալ փոփոխութիւնը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման: Օրէնքի փոփոխութեան կողմնակից Գերմանիոյ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը իր կայքին մէջ հրապարակած տեղեկատուութեան մէջ որոշ պարզաբանումներ տուած է: Նշուած է, որ եթէ դատարանները չեն կրցած հաստատել տուեալ ցեղասպանութեան կամ ռազմական յանցագործութեան փաստը, այդ պարագային օրէնքի նախատեսած պատիժը չի վերաբերիր ենթադրեալ յանցագործութիւնը ժըխտողին:
«Բայց որոշ դէպքերու պարագային պատմական փաստերը կրնան հանրայայտ ըլլալ, եւ այդ պարագային դատարանը ապացոյցներ հաւաքելու կարիք չունի», պարզաբանած է Գերմանիոյ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ մէջ 2 Յունիս 2016-ին Պունտեսթաքը բանաձեւ ընդունած էր, ըստ որուն՝ 1915-1916թթ. Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու տեղահանութիւնն ու ջարդերը ճանչցուած են որպէս Ցեղասպանութիւն: