«Իմ աղօթքս Քեզի մատուցուած խունկ թող ըլլայ, վեր բարձրացած ձեռքերս՝ իրիկնային զոհ» (Սաղմոս 141. 2):
Խցիկս կրկին քաշուած եմ,
Հոգիիս բաղձանքը Քեզի՛ կը մատուցեմ,
Բարբառող բուրվառս կը բռնեմ,
Քեզի՛ առատօրէն խունկ կը ծխեմ:
Երկնահամ բիւրաւոր բառեր կը շարեմ,
Դեսպան հրեշտակս անխնայ կը չարչարեմ,
Բռնկած հրդեհս անոր կը փոխանցեմ,
Արցունքի պարկերս իր ուսերուն կը բեռցնեմ:
Սիրտս մոմի լոյսի նման կը թրթռայ,
Էութիւնս երկնաւոր Էակին կը ցանկայ,
Հոգիս Բարձրեալին մօտ կը փութայ,
Մարմինս Երկրպագելիին առջեւ կ’իյնայ:
Խնկաբերան կ’աղօթեմ Քեզի,
Հրամաշ կանթեղս կը նուիրաբերեմ Քեզի,
Սրտազեղ փառաբանքս կը բարձրացնեմ Քեզի,
Ո՜վ Աստուած, հազար փա՛ռք Քեզի:
Առաքել Աբղ. Գատեհճեան
Անթիլիաս, Լիբանան