«Արմէնփրէս»._ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ 7 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումը պիտի չըլլայ։

«Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումը պէտք է կայանար 7 Դեկտեմբերին։ Բայց Հիքմէթ Հաճիեւ ինծի տեղեկացուց, որ իրեն հետ կապուած են Շառլ Միշէլի գրասենեակէն եւ յայտնած են, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համաձայնած է հանդիպումին միայն այն պարագային, եթէ անոր մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն։ Սա կը նշանակէ, որ այս հանդիպումը պիտի չըլլայ», ըսած է Ալիեւ։