ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվարական միջազգայինի 26-րդ Քոնկրէսի կողմէն վերընտրուեցաւ որպէս կազմակերպութեան փոխնախագահ։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ պահպանել մոլորակի մեծագոյն կուսակցութեան մէջ փոխնախագահի պաշտօնը։ Այս մասին Մատրիտէն յայտնած է ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան։