29 Նոյեմբերին տեղւոյն ժամը 00:25-03:00-ին , Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: 29 Նոյեմբերին իրադրութիւնը առաջնագիծին վրայ յարաբերականօրէն կայուն է: