«Դաշնակցութեան ակումբը, ուր որ ալ գտնուի, որքան ալ անշուք ըլլայ, հաւատքի բերդ մըն է, հայրենի հարազատ տուն մը, ուր մտնողները կը շրջապատուին մեր պատմութեան փառքը կերտող հերոսներու ոգիով»:

Մուշեղ Իշխանի այս խօսքերը շատ տպաւորիչ կը թուէին սեմականներուն համար, երբ Չորեքշաբթի, 30 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8։00-ին բացումը կը կատարուէր ՍԵՄ-ի «Փոթորիկ» Մասնաճիւղի «Սողոմոն Թեհլիրեան» վերանորոգուած սրահին բացումը։

Բացման ներկայ էին ազգային մարմիններու անդամներ, ԱՄԺ Տան տնօրէն, պատանեկան Միութեան դաստիարակներ, պատանիներ եւ ՍԵՄ-ականներ։

ՍԵՄ-ի «Փոթորիկ» Մասնաճիւղի Վարչութեան անունով խօսք առաւ Կարօ եղիայեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատկան Մարմինին, ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ բարերար Տէր եւ Տիկին Վարանդ Մելքոնեանին, որոնց շնորհիւ ընթացք առաւ եւ իր լրումին հասաւ կեդրոնի վերանորոգութիւնը։ Ան լուսարձակի տակ առաւ կեդրոնի կարեւորութիւնը նորահաս երիտասարդներու դաստիարակչական աշխատանքին ու հայեցի մթնոլորտի ստեղծման մէջ։