Ո՞վ է մարդը
Մարդ իր լեզուն է…
Ինչո՞ւ այս յօդուածը
Չեմ ուզեր խօսքս երկարել անձնական կարծիքս արտայայտելով ու  ԺԳ. դարէն անյայտ գրողի մը հետեւեալ  երկու տողին մէջ կ’ամփոփեմ զայն.
«Ձեռս մաշի դառնայ ի հող,
Գիրս մնայ յիշատակող»:
Մեր երթը սկսինք «Հայկական Բարձրաւանդակ»-էն «Նայիրի»-էն (Նահիրի, որ կը նշանակէ գետերու երկիր), մեր գերեվարուած բարձրաւանդակին մէջ կը գտնուին  Տիգրիս եւ  Եփրատ գետերու ակունքները։
Իսկ ի՞նչ կապ ունին այս գետերը սեպագրութեան հետ։
Այս զոյգ գետերը անուշ ջուրը կը հասցնեն Իրաք, անընդհատ հոսող ջուրերը կ’ոռոգեն հողը, բերրի կը դարձնեն ու երկար ժամանակ պարարտ կը պահեն զայն։ Անոնց բեղմնաւորութիւնը մարդկութեան կեանքի ընթացքին բերաւ շատ փոփոխութիւններ ու զարգացումներ, որոնցմէ մէկը գրութիւնն էր՝ մեր այսօրուան նիւթը: Այստեղ նիւթէն շեղելով հարկ կը տեսնեմ մէջբերել  սուրիացի մեծ դերասան ու արուեստագէտ  Տորէտ Լահհամի խօսքերէն, զորս արտասանեց  քանի մը ամիս առաջ Իրաք այցելութեան առիթով՝ Տիգրիս գետի ջրառատութիւնն ու մակարդակի անկումը նկատելէ ետք. «Թող Աստուած չներէ այս ջուրը գողցողին»:
Կարիք չկայ ըսելու թէ որո՛ւ կ’ակնարկէր Տ. Լահհամ: Յիշեցնեմ, որ տարիներ է արդէն մեր հասիչեցի հայրենակիցները ծարաւ են: Ես ալ կ’երկրորդեմ մեծ արուեստագէտին խօսքերը:
Վերադառնալով մեր նիւթին, Տիգրիս ու Եփրատ կենսաբեր գետերը սոսկ սնունդի եւ ոռոգման կամ խմելու ջուրի աղբիւրներ  չէին հին իրաքցիներուն համար: Անոնք այս (եւ ուրիշ) գետերէն կը ստանային գրելու համար գործածուող երկու միջոցներ՝ կաւէ սալիկներն ու եղեգաձողիկները: Պարզ է, որ գետափին ցեխ կը գտնենք, փափուկ ու սովորաբար բնականօրէն մաքրուած: Շումերացիները այս ցեխը կը գործածէին ոչ միայն կաւէ անօթներ ու գործիքներ շինելու համար, այլեւ կաւէ սալիկներ շինելու:
Այս նիւթով կարելի էր պատրաստել յատկապէս  հարթ մակերես ունեցող ու գրութեան յարմար սալիկներ:  Կաւը որպէս գրելու միջոց ընտրելը շատ յաջող էր ոչ միայն համեմատած իրենց ժամանակակից եգիպտացիներու յօրինած գերփխրուն պապիրուսի թուղթի հետ, այլեւ այսօր իսկ հրատարակուող թուղթէ գիրքերուն հետ: Վստահ եմ այս սալիկները բոլոր գիրքերէն երկար պիտի ապրին: Անոնք ո՛չ խոնաւութենէն կը փճանան, ո՛չ ցեցն ու կրակը կրնան ուտել զիրենք: (Ասորեստանի Նինուէի գրադարանը վառելու փորձ մը եղած է, բայց ան, ի տարբերութիւն Աղեքսանդրիոյ եւ Պաղտատի գրադարաններուն, մինչեւ օրս կը շարունակէ ապրիլ): Իսկ գրելու, այլ խօսքով՝ նկարչութեան միջոցը այս գետերու ափերուն աճող եղեգէն պատրաստուած սուր ձողիկներն էին: Այսպիսով «թուղթն ու գրիչը»  միշտ մատչելի էին:
Այս եղանակով գրող հին իրաքցիները (շումերացիներ, աքքատացիներ, ասորիներ) շիջանեցան ու իրենց լեզուներուն հետ միասին անհետացան: Մինչդեռ իրենց սալիկներն ու գրութիւնները կ’ապրին ու կը կարդացուին մինչեւ այսօր։
Մենք իրենց մասին չենք տեղեկացած սերունդէ-սերունդ փոխանցուած աւանդութիւններէն ու պատմութիււներէն, այլ իրենցմէ ժառանգ մնացած սալիկներն են, որոնք մեզի կը պատմեն իրենց մասին, իրենց ապրած  աշխատանքին, հանապազօրեայ կեանքին, կրօնքին… եւ այլոց մասին։
Սեպագրութեան առաջին քայլերը՝ պատկերագրութիւնը
Շումերացիները Իրաքի ամենահին ազգն են: Անոնք Նախքան  Քրիստոս մօտաւորապէս 3500 թուականին (այսօրուընէ 5500 տարի առաջ) սկսան գրել ամենատարրական ձեւով, այսպէս կոչուող պատկերագրութեամբ (կարծես վեց-եօթ տարեկան փոքրիկի մը նկարչութիւնն ըլլայ) գործածելով նոյն ձողիկներն ու սալիկները, որոնք աւելի ուշ պիտի գործածէին սեպագրութիւնը՝ գիրի անցնելու տարբեր եղանակով մը: Ստորեւ բերուած նկարին վերի աջ կողմը կը տեսնենք կաւէ սալիկի մը վրայ պատկերուած գարիի հասկ մը եւ իրարու տակ դրուած կէտեր (նկարը ամբողջական չէ, կէտերու քանակը աւելի շատ է): Այս պատկերը հաշուետետրի դեր կը խաղայ, իմաստը՝ «Գարիի այս-ինչ քանակը (նայած կէտերու թիւը)»: Նկարին վարի ձախ կողմի սալիկը սոսկ ճաշող մարդ մը չէ (մարդու գլուխ մը կը տեսնենք՝ դիմացը կոնք մը), այլ պարէնատոմսի պատկերն է (գլուխն ու կոնքը իրար կողքի): Գրութեան այս չափազանց-սկզբնական եղանակով անհնար է բարդ ու խրթնիմաստ մտքեր գրի առնել, որուն համար ալ  շումերացիները հրաշալիօրէն զարգացուցին իրենց գրելու կերպը, պարզագոյն նկարները, որոնք ոչ-բարդ միտք մը կ’արտայայտէին, փոխարինուեցան ձայները արձանագրող նշաններով կամ նշանագրերով։
Սեպագրութեան ծնունդը պատկերագրութեան արգանդէն 
Ասիկա կը համարուի մարդկութեան ամենամեծ ձեռքբերումներէն մին, որովհետեւ մանկական ամենապարզ գծագրութենէն ձայներ ու հնչիւններ արտայայտող ու բառերը գրի առնող նշաններու անցնիլը պատմութեան եւ պատմագիտութեան ծնունդը  կարելի դարձուցին: Այս նշաններու շնորհիւ է, որ հինգ հազար տարի անցնելէ ետք կարելի կը դառնայ կարդալ հնամենի արձանագրութիւններ։
Ինչպէս տեսանք, մինչեւ սեպագրին յառաջ գալը՝ ոչ բոլոր ձայները, եւ խօսուող լեզուի (շումերերէնի) հնչիւնները ունէին իրենց յատուկ նշանները, որոնցմով կարելի էր արձանագրութիւն պահել։ Բայց շումերացիները սքանչելիօրէն գտած են ասոր լուծումը: Անոնք երկու ձեւ գտած են ձայներուն/հնչիւններուն պատշաճ նշաններ ստեղծելու. առաջին ձեւը այսպէս կոչուած նկարահանելուկն է (կեղծագրութիւն, անգլ.՝ Rebus), իսկ երկրորդը պարզապէս վանկերու վրայ հիմնուիլն է։
Ի՞նչ է նկարահանելուկը (Rebus)
Այս ձեւը բացատրելու համար պիտի գործածեմ տարբեր լեզուներ եւ ոչ-իսկական շումերերէն բառեր: Օրինակ. Ենթադրենք որ շումերացիները գրի պիտի առնէին Belief բառը, անոնք կ’առնէին վերը բացատրուած պատկերագրութեան նկարներէն մեղուն (Bee) եւ կը դնէին տերեւի (leaf) նկարի կողքին ու կը ստանային Beeleaf-Belief բառը՝ գրելով սկիզբը նկարը ապա սեպագիր նշանը Belief (Bee+Leaf)։
Ենթադրենք որ «ջիկ» հնչիւնը ունի իր յատուկ նշանները, բայց աղջիկ բառը գրելու համար չկային յատուկ նշաններ: Շումերացիները պիտի գործածէին աղի կամ աղամանի պատկերը ու դնէին «ջիկ» հնչիւնէն առաջ ու ստանային «աղջիկ» բառը։ Ճիշդ այս (աղջիկ) օրինակը կարելի է բացատրել իսկական շումերերէն օրինակով մը։ «Գարի» բառին շումերերէնով «Շէ» (She) կ’ըսեն, իսկ «Բարի» բառին՝ շեկա (Shega): Ինչպէս վերը տեսանք, Գարի բառը ունէր իր սեպագիր նշանը, զոր յառաջացած էր պատկերագրութենէն, իսկ Բարի բառը գրելու համար շումերացիները առին գարիի համապատասխան նշանը ու քովը աւելցուցին Կա (Ga) հնչիւնը ու ստացան Բարի բառը՝ արձանագրելու համար նոր նշան մը։
Շումերացիները պարզապէս կ’առնէին գոյութիւն ունեցող բառ-գիրը (պատկերագրութենէն յառաջացած) ու կը գործածէին որպէս վանկ՝ ուրիշ բառ մը գրելու, անկախ իր բուն իմաստէն, միայն իր հնչիւնէն օգտուելով: Այս ձեւը աւելի պարզ է: Օրինակ բերեմ երեք ասորերէն բառեր, որոնք կառուցուած են վանկերու հիման վրայ, գործածելով շումերացիներու ստեղծած նշանները։
Նա-րու-ում՝ նարում, կը նշանակէ գետ։ Քա-լու-պում՝ քալուպում, այսինքն՝ շուն։ (Ասորերէնը նման է կրտսեր քոյրերուն՝ արաբերէնին ու արամերէնին չէ՞, նահր, քալպ…) Հա-ամ-մու-րա-պի՝ Համմուրապի։
Վահան Մանճիկեան