Օրեր առաջ Ատրպէյճանի խորհրդարանը ընդունած է յայտարարութիւն մը, որով աղաւաղած է ղարաբաղեան տագնապի ամբողջ էութիւնն ու բովանդակութիւնը եւ հակահայ բազմաթիւ ձեւակերպումներով հանդէս եկած է. Հիմա ընդդիմութիւնը նախաձեռնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդէս գայ յայտարարութեամբ` դատապարտելով Ատրպէյճանի խորհրդարանի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ շարք մը հարցերով տայ հիմնական գնահատականներ: Այս մասին 2 Դեկտեմբերին, Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ իրենց պատրաստած յայտարարութիւնը երեք սկզբունքի վրայ հիմնուած է. «Առաջին, յայտարարութեան մէջ յստակ կը նշուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի մասին, կարգավիճակի մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութեան մասին: Յայտարարութեան բնագիրը ներկայացուած է Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան, իրենք ներկայացուցած են իրենց առաջարկները: Իրենց առաջարկին մէջ ջնջած են «Արցախի Հանրապետութիւն» բառակապակցութիւնը, ատոր փոխարէն աւելցուցած են «Ղարաբաղի հայութիւն»: Ուր որ կայ ինքնորոշման իրաւունքի իրականացում, ջնջած են, ինչպէս նաեւ Հայաստանի յանձնառութեան մասը: Այսինքն յայտարարութեան բուն բնագիրը ամբողջութեամբ աղաւաղած են: Այնպէս կը թուի, որ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը եւ Ծերակոյտը հանդէս կու գան յայտարարութեամբ, Արցախի խորհրդարանը հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ, իսկ Հայաստանի Ազգային Ժողովը կը հրաժարի յայտարարութեամբ հանդէս գալէ», ըսաւ Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ Ազգային Ժողովի յայտարարութեան նախագիծին մէջ որեւէ քաղաքական գնահատական չկայ, անիկա կը վերաբերի բացառապէս Արցախին եւ Հայաստանին:

«Սա եւս մէկ ապացոյց է, որ այս իշխանութեան հետ ճամբայ չկայ երթալիք, որ այս իշխանութեան հետ պիտի ունենանք նոր պատերազմ եւ նոր յանձնուողական համաձայնագիր», իր խօսքն ամփոփեց Սաղաթէլեան: