ՔԱԹԱՐ 2022-Ի ԽԱՂԵՐՈՒ Ա. ՓՈՒԼԻՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԱՆ
Քաթարի մէջ ընթացող համաշխարհային ֆութպոլի 2022-ի մրցումներու առաջին փուլի աւարտին 16 երկիրներ անցան երկրորդ փուլ: Մրցաշարքի առաջին փուլին ոչ մէկ երկիր կրցաւ ապահովել ակնկալուող 9 կէտերը: Իւրաքանչիւրը կրեց առնուազն մէկ պարտութիւն: Առաջին փուլի վերջին հանդիպումներուն, Պրազիլ 1 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ Քամերոնին, իսկ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսան նոյն արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Թունուսէն. Զուիցերիոյ կազմը 3 – 2 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Սերպիան: Այս տարեշրջանի անակնկալներէն մէկը եղաւ Գերմանիոյ հաւաքականին հեռու մնալը. 4 – 2 արդիւնքով Քոսթարիքային պարտութեան մատնելը բաւարար չէր անոր յաջորդ փուլ անցնելու համար, որովհետեւ նոյն խմբակին մրցակիցներէն ճափոնը 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպանիան եւ երկու կազմերը միասին անցան յաջորդ փուլ:
Արաբական միակ երկիրը, որ կրցաւ իր տեղը գրաւել Բ փուլին եղաւ Մարոքը, որ բացառիկ արդիւնքներով կրցաւ ներկայանալ սոյն տարեշրջանի մրցումներուն: Ան իր վերջին հանդիպումին 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քանատան: Անսպասելի արդիւնքներէն մէկը եղաւ նաեւ պարտութիւնը Փորթուկալին, որ 2 – 1 արդիւնքով զիջեցաւ Հարաւային Քորիային:
ՖՐԱՆՍԱ ՀԱՍԱՒ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ
Մրցումային 15-րդ օրուան 1/8 եզրափակիչ փուլի հանդիպումին, աշխարհի գործող ախոյեան Ֆրանսան 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լեհաստանը եւ իր տեղը գրաւեց 1-4 փուլի խումբերուն մէջ: Մրցումի տեւողութեան, Ֆրանսան ներկայացաւ տպաւորիչ խաղարկութեամբ եւ կրցաւ իշխել դաշտին՝ շնորհիւ իր աստղերուն: Քանի մը վտանգաւոր յարձակումներէ ետք, 44 -րդ վայրկեանին, Օլիվէ Ճիրօն կրցաւ ցնցել Լեհաստանի դարպասը: Երկրորդ կիսախաղը ընթացաւ նոյն կերպով: Փարիզ Սան Ճերմանի աստղ Քիլիան Մպափէն նմանօրինակ կերպով, երկու առիթներով կրցաւ նշանակել Ֆրանսայի երկրորդ եւ երրորդ կոլերը եւ հինգ կոլերով արժանաւոր դիրք գրաւել մրցաշարքի կոլսկորիստներու ցանկին մէջ: Նախքան հանդիպումին աւարտը, Լեւանտովսքի տուգանային հարուածով նշանակեց Լեհաստանի միակ կոլը:
ԼԻՈՆԷԼ ՄԵՍՍԻ ԽԱՂՑԱՒ ԻՐ 1000-ՐԴ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԽԱՂԸ 
Ըստ արժանթինեան լրատուամիջոցներու, 35-ամեայ ֆութպոլիստ Լիոնէլ Մեսսիի Աւստրալիոյ հետ խաղը եղաւ իր մարզական կեանքի 1000-րդ պաշտօնական հանդիպումը: Ան նաեւ 100-րդ անգամն է, որ կը ստանձնէ հաւաքականի աւագի պարտականութիւնը: Բացի անկէ, Լիոնէլ Մեսսի աշխարհի առաջնութիւններուն 8-րդ անգամ ըլլալով ճանչցուեցաւ հանդիպումի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Նշենք, որ Լիոնէլ Մեսսի աշխարհի առաջնութիւններուն իր նշանակած ինը կոլերով գերազանցած է իր հայրենակից, լեկենտ Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնան, ինչպէս նաեւ հաւասարած է ֆրանսացի Քիլիան Մպափփէին:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան