Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 24 Դեկտեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ:

«Հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու գործնական իրականացման որոշ հարցերուն, որոնք առնչուած են, յատկապէս, հայ-ատրպէյճանական սահմանին անվտանգութեան ապահովման հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: