Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդը իր կոչը կ’ուղղէ աշխարհասփիւռ հայութեան, համաշխարհային հանրութեան եւ ազատութեան ու համամարդկային արժէքներուն համար պայքարող իւրաքանչիւր անհատի.

12 Դեկտեմբերէն սկսեալ Արցախը յայտնուած է լիակատար շրջափակման մէջ. աւելի քան 120 000 մարդ` շուրջ 30 000 երեխաներ յայտնուած են ծանր կացութեան մէջ` ի սպառ զրկուած ըլլալով ազատ տեղաշարժի ու անոր հետ առնչուած բազմաթիւ կենսական կարելիութիւններէն: Հերթականօրէն Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը եւ 9 Նոյեմբեր 2020_ի Եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ ցամաքային ճամբու անխափան գործարկումը չի կրնար ըլլալ որեւէ բանակցութիւններու եւ սակարկումի առարկայ: Արցախը արտաքին աշխարհին կապող հաղորդակցութիւնը պէտք է առանց նախապայմաններու ու անյապաղ վերականգնուի, եւ պայմաններ ստեղծուին անոր հետագայ անխափան գործունէութիւնը ապահովելու համար;
Հայ ժողովուրդին հանդէպ Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուող ցեղային զտումներու եւ խտրական քաղաքականութիւնը, որ նոր թափ ստացած է 2020_ի աշնան մեզի պարտադրուած պատերազմէն ու անոր ձգած աղէտաբեր հետեւանքներէն վերջ, նպատակ ունի հայաթափել հայկական Արցախը` շարունակելով 1915_ի Թուրքիոյ կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրականացուած ցեղասպանութեան բեմագիրը:

Իր պատմական հայրենիքին մէջ ազատ եւ անկախ ապրելու համաժողովրդական կամքը 1988 թուականին այս հրապարակէն ուղղորդած է մեր ժողովուրդը ազատագրական պայքարի, որուն հետեւանքով մենք ունենք միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերուն համապատասխան հռչակուած ինքնիշխան պետութիւն եւ անոր կենսունակութիւնը ապացուցող քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային տեսանելի ձեռքբերումներ:

Այսօր, երբ վտանգուած է համայն հայութեան երազանք Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը, մենք, խոնարհելով մեր ազատագրական պայքարի ճանապարհին իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներու յիշատակին առջեւ, վերանորոգում ենք մեր ուխտը` մեր սուրբ նահատակներու գործը շարունակելու եւ մեր արժանապատուութիւնը պահպանելու համար:
Շարունակուող պայքարի ընթացքին մենք, ինչպէս նախորդ տարիներուն, այսօր ալ ունինք մայր Հայրենիքի եւ համայն հայութեան համակողմանի աջակցութեան կարիքը: Անցած տարիներուն Արցախը եղած է հայկական ինքնութեան եւ արժանապատուութեան խորհրդանիշ: Այսօր, երբ հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը կանգնած է նոր մարտահրաւէրներու յառաջ, Արցախը պէտք է դառնայ այն առանցքը, որուն շուրջ պէտք է միաւորել համազգային ներուժը: Արցախի Հանրապետութեան ապագան համազգային նշանակութեան հարց է եւ կը պահանջէ համահայկական համախմբում ու համերաշխութիւն:

Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել իր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու պաշտպանունակութիւնը ամրապնդելու համար` համադրելով սեփական կարողութիւններն ու Ռուսիոյ Խաղաղապահ առաքելութեան կարելիութիւնները:

Արցախի Հանրապետութիւնը` որպէս միջազգային հիմնարար իրաւունքներու գերակայութեամբ առաջնորդուող պետութիւն, պիտի շարունակէ հավատարիմ մնալ համամարդկային արժէքներուն եւ ըլլալ կառուցողական: Ծաւալապաշտական նկրտումներն ու տնտեսական շահերը թելադրող պիտի չըլլան ժամանակակից միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: Արցախը աշխարհի քարտէզին վրա այն կէտն է, որմէ, ինչպէս 1988 թուականին, կրնայ սկիզբ առնել 21-րդ դարու` բարոյական աշխարհակարգի ձեւաւորումը:

Ստեփանակերտ
25 Դեկտեմբեր 2022