ԻՒՆԻՍԵՖ_ը յայտարարութիւն տարածած է Լաչինի միջանցքի իրավիճակին մասին.

«Լեռնային Ղարաբաղի՝ Լաչինի միջանցքիպ մուտքին փաստացի փակումը բացասաբար կ’անդրադառնայ երեխաներու իրավիճակին վրայ: Որքան երկար տեւէ այս իրավիճակը, այդքան աւելի շատ պիտի տուժեն երեխաները հիմնական սննդամթերքի եւ տարրական ծառայութիւններու պակասէն, որոնք անհրաժեշտ են իրենց գոյատեւման, առողջ աճումին եւ բարեկեցութեան համար: Մինչդեռ շատ երեխաներ զրկուած են նաև ծնողական խնամքէ, քանի որ բաժնուած են իրենց ծնողներէն կամ օրինական խնամակալներէն:

ԻՒՆԻՍԵՖ-ը վերահաստատած է նախորդ պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան Լաչինի միջանցքէն տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին կոչը: Սա չափազանց կարեւոր է ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երեխաները ըլլան պաշտպանուած, եւ որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարենան ապահով եւ արագ հասնիլ կարիքի մէջ գտնուողներուն:

ԻՒՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը շարունակէ երկխօսութեան եզրեր փնտռել եւ գործակցիլ բոլոր դերակատարներուն հետ, որպէսզի կարելիութիւն ստանայ մուտք գործելով աջակցելու այդ տարածքին մէջ բնակող երեխաներուն»: