Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Ուրբաթ, 23 Դեկտ. 2022-ի երեկոյեան, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Թաղականութեան եւ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեանի։

Օրուան հանդիսավար Ռուզան Պետրոսեան-Ղազարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բեմ հրաւիրեց վարչութեան անդամ Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեանը՝ բացման խօսքը արտասանելու:

Սարգիսեան շնորհաւորելով Ամանորը մաղթեց բարեբեր տարի, որպէսզի կարենանք շրջանցել բոլոր տագնապներն ու դժուարութիւնները։ Ապա յայտնեց. «Մեր մաղթանքն է որ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն տիրէ Հայաստանի, Արցախի, Սուրիական Հայրենիքի եւ համայն աշխարհին մէջ»։

Այնուհետեւ շարք մը տօնական երգեր հմայիչ ձայնով մեկնաբանեց Զարուկ Կարապետեան՝ ոգեւորելով ներկաները։

Օրուան սպասուած հիւրը՝ Կաղանդ Պապան անակնկալօրէն մուտք գործեց սրահ եւ նուէրներ բաշխեց ներկայ փոքրիկներուն։
Հուսկ, հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ գնահատեց ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի ժրաջան աշխատանքն ու գործունէութիւնը, մաղթելով նորանոր վերելք։ Հայր սուրբը Ամանորին առիթով բոլորին մաղթեց առողջութիւն, ուրախ եւ յաջող տարի, աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած, որ հայ ժողովուրդէն հեռացնէ ամէն չարիք եւ խաղաղութիւն տիրէ Հայաստանի, Արցախի եւ համայն աշխարհին մէջ։
Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն եւ խաչուհիներու կողմէ պատրաստուած կոկիկ հիւրասիրութիւն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն