Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Աւարտին կը մօտենայ 2022 թուականը։ Տարեմուտը, սովորաբար, անցնող տարին ամփոփելու, նոր յանձնառութիւններ նախանշելու, նաեւ բարեմաղթութիւններու առիթ է։

Ցաւօք, 2022-ը չեղաւ համազգային ձեռքբերումներու, խաղաղութեան ու պետականութեան ամրապնդման տարի։ Երկիրը կը շարունակէ դիմագրաւել անյաղթահարելի դարձած եւ օրեցօր խորացող անվտանգային եւ գոյութենական մարտահրաւէրներ։ Կորսուած տարածքային ամբողջականութեան պայմաններուն տակ երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը ոչ միայն չի կրնար երաշխաւորել Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, այլեւ կը հրաժարի Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալու իր սահմանադրական յանձնառութենէն։

Այս պահուն Արցախի 120 հազար մեր քոյրերն ու եղբայրները կը դիմագրաւեն յարձակողական Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուող բացայայտ ցեղասպանական գործողութիւնը՝ արդէն քսան օր ձգուող, մարդասիրական ծանրագոյն ճգնաժամ յառաջացուցած շրջափակումը։

44-օրեայ պատերազմէն երկու տարի անց, մեր անանց ցաւերուն եւ անդառնալի կորուստներուն կը գումարուիկ նորերը․ թշնամիի սեպտեմբերեան երկօրեայ յարձակումին զոհ դարձած աւելի քան 200 զինուորներէն ոմանք տակաւին չեն գտած իրենց հանգիստը հայրենի հողին մէջ։ Հազարաւոր ընտանիքներ կ’ապրին որդիներու կորուստի, տասնեակ հազարներ՝ իրենց հարազատ բնօրրանի կորուստը ապրող փախստականի վիշտով, տասնեակներ՝ գերեվարուած որդիներու վերադարձի յոյսով։

Այս ցաւալի իրականութեան մէջ՝ մէկ կողմէն կը շարունակուի Հայաստանի արտաքին մեկուսացումը, միւս կողմէն՝ թուրք-ատրպէյճանական բացայայտ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնն ու իրական յարձակումը, որուն ՀՀ իշխանութիւնը համարժէք պատասխան տալու ո՜չ կամք եւ ոչ ալ՝ կարողութիւն ցոյց չի տար։

Նոյնքան աղէտալի է երկրին մէջ խորացող ներազգային պառակտումը, անստոյգ հեռանկրով պայմանաւորուած ծանր բարոյահոգեբանական մթնոլորտը։ Խորացող արտաքին մարտահրաւէրներու կողքին կը շարունակուի երկրի հիմնարկային կազմաքանդումը՝ ժողովրդավարութեան բացայայտ նահանջները, ճնշիչ գործիքակազմի որդեգրումը, քաղքական հալածանքներն ու իշխանութեան իւրացումը։

Մեր պետականութեան եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար շարունակուող այս վայրէջքը կասեցնելու, Հայոց պետականութեան ու Արցախ աշխարհին ուղղուած ծանրագոյն մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, խորացող ներքին բաժանարարներն ու երկրի ապագայ գահավիժումը կասեցնելու քաղաքական պատասխանատուութեամբ եւ յանձնառութեամբ՝ ընդդիմադիր այլ քաղաքական ուժերուն հետ միասնաբար 2022-ին ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր շարքերու անմնացորդ նուիրումով հունաւորեց Դիմադրութեան շարժումը։

Հազարաւոր մեր հայրենակիցներ՝ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու առաջնորդութեամբ ոտքի կանգնեցան՝ ամիսներ շարունակ աննահանջ մնալով իրենց համոզումներուն՝ վստահ ըլլալով, որ միայն ազգային միասնականութեամբ եւ համազգային պայքարով կարելի է շրջել մեզի պարտադրուող ուրացումը, փոխել խաղի նուաստացուցիչ կանոնները, ձեւաւորել իրապէս ազգային յանձնառութիւն ունեցող իշխանութիւն, իրական խաղաղութիւն։

Մենք միասին կարելիութիւն ունէինք այդ անպատուաբեր ու նուաստացուցիչ ընթացքը կասեցնելու, ուղղելու մեր պետականութեան խաթարուած ողնաշարը, վերագտնելու մեր արժանապատուութիւնն ու ամրացած ոգիով կանգնեցնելու պարտութիւններու կործանարար շղթան։

Մեր հաւաքական պայքարը առայժմ համեստ ձեռքբերումներով նշանաւորուած է, բայց մեր ժողովուրդի պատմական իղձերը կեանքի կոչելու մեր յանձնառութիւնն ու ժողովուրդին պահանջը աննահանջ է։ Ատիկա պետականութիւն ունենալու, արժանապատիւ ապրելու եւ արարելու մեր հաւաքական չիւրացուած օրակարգն է։

Մեզի մեծ փորձութիւններ կը սպասեն, աշխարհաքաղաքական վերադասավորումներու այս փոթորկոտ ժամանակներուն մէջ իրաւունք չունինք կորսնցնելու մեր զգօնութիւնը։

Ստեղծուած փակուղային իրավիճակին մէև մեզի աւելի քան ազգային միասնականութիւն անհրաժեշտ է, ազգային պետականութեան նոր բովանդակութեան եւ տեսլականի սահմանում։ Մենք պարտաւոր ենք ելքեր գտնելու՝ դիմակայելու արտաքին մարտահրաւէրները, ամրացնելու մեր երերացող պետականութիւնը։ Մեր ուժականութեան աղբիւրը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնականութեան մէջ է։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:

Թող 2023թ․ սէր, համերաշխութիւն եւ իրական խաղաղութիւն բերէ մեր բոլորի ընտանիքներուն, ըլլայ զօրացման ու վերածնունդի տարի։

Ազգային միասնականութեամբ լծուինք մեր պետականութիւնը պաշտպանելու եւ մեր ազգային օրակարգերը կեանքի կոչելու գործին։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
31.12.2022, Երեւան