Երկուշաբթի, 2 Յունուար 2023-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանը Իսրայէլի կողմէ յարձակումի ենթարկուելէ ետք, այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին կրկին բանիլ սկսաւ։
Յիշենք, որ առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Իսրայէլ Թապարիա շրջանէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով երկու զինուոր նահատակուեցաւ, վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։